Միջինք՝ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի

Ընդառաջելով Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչին, հովիւին, հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան հրաւէրին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, Մարտ 2ին նախագահեց տաճարի Միջինքի արարողութեան ու անոր յաջորդած պահքի ճաշկերոյթին:

Առաւօտուն տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն. առաջնորդ սրբազանին աղօթակից էին հոգեւոր տեսուչը՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, եւ հոգեւոր հովիւը՝ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան: Ներկայ էին Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ:

Առաջնորդ սրբազանը հաւատացեալները հրաւիրեց խորհրդածելու Մեծ Պահքի պատգամներուն մասին՝ նշելով, որ Միջինքը այդ ժամանակաշրջանին կէսը նշող հանգրուանն է, ուստի հրաւիրուած ենք ինքնաքննարկում կատարելու եւ տեսնելու, թէ որքանո՛վ կրցած ենք անսալ խոնարհութեան, բարեսրտութեան եւ հոգեւոր վերանորոգութեան թելադրանքներուն: Ան շեշտեց, որ այս օրը պէտք է առիթ ըլլայ գործնապէս բարելաւելու մեր կենցաղը՝ մեր սէրը արտայայտելով հանդէպ Աստուծոյ ու մեզի նմաններուն, ինչպէս նաեւ բարի ծառայութիւն մատուցելով մեր համայնքին ու ազգին:

Արարողութենէն ետք, «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ՝ հիւրընկալութեամբ Ազգային առաջնորդարանի եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի բարերարներէն Գոհար Սիւլահեանի:

Առաջնորդ սրբազանը կատարեց սեղանի օրհնութիւնը, գնահատեց տիկնանց միութիւնն ու շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալին՝ Գոհար Սիւլահեանի, ապա անգամ մը եւս կանգ առաւ Միջինքի ու Մեծ Պահքի խորհուրդներուն վրայ:

Ճաշի պահուն, Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական հայտագիր:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up