Հայերէն Խօսինք

Գաղութէն ներս հայերէն խօսելու արշաւին ու հրամայականին պաշտօնապէս անսալով՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը գործի լծուած էր կարգախօսներ պատրաստելու եւ զանոնք «Ասպարէզ» առաքելու, մասնակցելու համար Համազգայինի Շրջանային վարչութեան յայտարարած մրցանքին:

Դասարաններէն ներս միշտ արծարծուող եւ յանկերգի պէս կրկնուող արտայայտութիւնը, այսօր աշակերտները պէտք է վերածէին յստակ լօզունգի կամ կարգախօսի:

Սերունդ դաստիարակելու համար կարգախօսներու ընտրութիւնը եւ անոնց գործադրութիւնը աւելի՛ ճշգրիտ ու վաւերական կը դարձնեն դաստիարակութեան ընթացքը: Աշակերտները յստակ կ՛արմատաւորեն իրենց ենթագիտակցութեան մէջ այդ տողը ու ապա ինքնստինքեան այդ ուղին կ՛որդեգրեն՝ իրենց ապագայի ծրագիրներուն համար:

Որպէս ազգային վարժարան եւ անձամբ՝ որպէս Հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչ, կը հաւատանք ու կը գործենք այս կարգախօսով եւ կ՛ապրինք ու կ՛ապրեցնենք հայերէնը մեր աշակերտներուն ու ապագայի հայ սերունդին մօտ:

Աշակերտները իրենց մտորումները բիւրեղացնելէ ետք, դասարանային զրոյցներու ընդմէջէն իրենց կարգախօսները արձանագրեցին եւ խանդավառութեամբ զանոնք յանձնեցին հայերէնի դասատուներուն:

Անոնց արտայայտութիւնները շատ հարազատ ու գեղեցիկ էին: Մայրենիի կանչը անոնց խորերը թաքնուած էր, եւ այս առթիւ՝ իրենց կենսունակ էութենէն դուրս ժայթքեցաւ, որպէս խոստում ու երդում, ու անոնք հաստատակամ յայտարարեցին՝ «Հայերէն Խօսինք»…

ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ

Ասպարէզ

Scroll Up