«Քանիերո՞րդ Տարեդարձդ Նշեմ՝ 54րդ, Թէ 21րդ, Չգիտեմ…»

Երէկ «Լիզպոն 5» տղաներէն Սիմոն Եահնէեանի տարեդարձն էր: Ասպարէզի փոխանցմամբ՝ այս առթիւ, Սիմոնի եղբայրը՝ Զարեհ Եահնէեան կը գրէ.

 Սիրելի՛ Սիմոն,

Արդէն 34րդ տարին պիտի ըլլայ, երբ ծննդեան տօնդ կ՛անցնի առանց քեզ։

Ամէն օր Facebook-ը ինծի կը յիշեցնէ տարեդարձներու մասին եւ բնականաբար, առողջութեան մաղթանքներով կը շնորհաւորեմ։

Բայց այսօր ի՞նչ կրնամ ըսել քեզի.

Ուղղակի չգիտեմ ի՛նչ ըսեմ. մաղթել առողջութի՞ւն մարմինիդ, որ անշնչացաւ 33 տարի առաջ, Սագոյի, Սեդրակի, Արայի եւ Վաչէի հետ…

Ըսեմ յիշատակդ վա՞ռ մնայ,

Ըսեմ փափաքնե՞րդ իրականանան,

Ի՞նչ ըսեմ.

Ըսելը, գրելը, ճառ ըսելը, բաժակ բարձրացնելը, այս բոլորը անիմաստ դերասանութիւն կ՛ըլլան, եթէ ես, եթէ հաւաքական մենք, անկեղծ չենք քեզի հետ…

Դուն եւ 4 ընկերներդ մեզմէ պահանջեցիք եւ կը պահանջէք ամենակենսական եւ ամենադիւրին բանը՝ ձեր նուիրաբերած ամենաթանկին դիմաց, սակայն մենք ազգովին կը զլանանք նոյնիսկ այդ ամենադիւրինը ձեզի պարգեւել։

Գիտեմ, թէ դուն հանգիստ կ՛ընես այն ատեն միայն, երբ մենք ազգով դադրինք դերասանութենէ, եւ մտնենք իսկական կեանք.

Երբ մենք ազգով մեր մէջի նախանձը, ատելութիւնը, ոխը՝ միմիանց հանդէպ, հանենք մեր սրտերէն, բազմապատկենք եւ ուղղենք մեր թշնամուն, յանուն պայծառ Հայաստանի…

Միայն այն ժամանակ դուն հանգիստ կը ննջես, սիրելի եղբայրս.

Ի՞նչ ըսեմ. քանիերորդ տարեդարձդ նշեմ՝ 54րդ, թէ 21րդ, չգիտեմ…

0302simon1

Scroll Up