Հայաստան Եւ Արցախ Ներկայացուած Են Լոս Անճելըսի “LA Travel and Adventure Show” Զբօսաշրջային Ամէնամեայ Ձեռնարկին

Փետրուար 27-28-ին Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Հայ-ամերիկեան գործարար-խորհուրդի աջակցութեամբ Հայաստան եւ Արցախ առանձին տաղաւարով ներկայացուեցան ԱՄՆ արեւմտեան ափի խոշորագոյն զբօսաշրջային ամէնամեայ ձեռնարկին` “LA Travel and Adventure Show”-ին, որ այս տարի տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Լոնկ Պիչ քաղաքին մէջ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Ի թիւս զբօսաշրջային ցուցահանդէսի հարիւրաւոր մասնակիցներու` այցելուներուն ներկայացուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջային առանձնայատկութիւնները, ներառեալ` վերջին շրջանին աշխոյժ զարգացում ապրող զբօսաշրջութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ էին ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, Ուաշիկթընի մէջ ԼՂ ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ժամանած Միջազգային գործարար կապերու աջակցման խորհուրդի պատուիրակութիւնը:

Հայկական տաղաւարը ցուցահանդէսի հազարաւոր այցելուներուն կը ներկայացուէր Լոս Անճելըսի հայկական զբօսաշրջութեան ընկերութիւններուն կողմէ, որոնք նաեւ կ’առաջարկէին Հայաստան եւ Արցախ ճամփորդելու փաթեթներ:

“LA Travel and Adventure Show”-ի կազմակերպիչ մարմնի ղեկավար Ճոն Կոլիչ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան յանձնեց լաւագոյն տաղաւարի հաւաստագիր` ցուցահանդէսի ամենագեղեցիկ եւ մարդաշատ տաղաւարը ունենալու համար:

 

Scroll Up