Չորք Մարզպանի Հայրենակցական Միութեան Նախաճաշի Հաւաքոյթ

Չորք Մարզպանի հայրենակցական միութեան ժողովրդականութիւն վայելող երկու ձեռնարկներէն մէկն է նախաճաշի հաւաքոյթը: Հակառակ ձմրան եղանակին, Կիրակի, Փետրուար 7ի տաքուկ օդը կը քաջալերէր մեր հայրենակիցները եւ անոնց բարեկամները հոծ ներկայութեամբ (160 հոգի) մասնակցելու օրուան նախաճաշի ձեռնարկին:

Հանդիսավարութիւնը յանձնուած էր Ս. Մաճառեանին: Վարչութեան ատենադպիրի հանգամանքով, ան բարեգալուստի իր խօսքէն ետք հանգամանօրէն ներկայացուց ներկայ ազգայինները՝ տէր եւ տիկ. Ա. եւ Ա. Գալայճեաններ, տէր եւ տիկ. Ա. եւ Լ. Գալայճեաններ, տէր եւ տիկ. Փ. եւ Ա. Թիթիզեաններ, տէր եւ տիկ. Թ. Փոսթաճեան, տիկ. Ա. Սարգիսեան, տիկ. Ա. Գարայեան, տիար Յ. Տիրացուեան (Նիւ Եորքէն), տէր եւ տիկ. տոքթ. Ս. եւ Ա. Սիմոնեաններ, ինչպէս նաեւ Martial Arts-ի մէջ Hye Katch Do-ի մարզիչ Մ. Աղուինեան, որ վերջերս արժանացած էր պատուաբեր ճանաչումի՝ Հոլիվուտի Master Hall of Fame-ի մէջ:

Բեմ հրաւիրուեցաւ ծանօթ ասմունքող Աստղիկ Տատուրեան: Ան տպաւորիչ ելոյթով յաջորդաբար ներկայացուց Վահան Թէքէեանի «Բարձրացում»ը եւ Վահէ Վահեանի «Երկտողեակներ»ը, որոնք արժանացան ջերմ ընդունելութեան:

«Ֆուլ»ի նախաճաշը ճոխացած էր թարմ կանաչեղէններով, տապկուած հաւկիթով, երշիկով ու «մամունիա»ով: Caterer Raffi-ի սպասարկութիւնը հիանալի էր այդ օրը:

Արամ Լեփեճեան orgue-ի վրայ կը ստեղծէր հաճելի մթնոլորտ մը՝ յաջողութեամբ հրամցնելով հայկական ժողովրդական եւ արեւմտեան թեթեւ երաժշտութիւն, որ մէկէ աւելի անգամներ արժանացաւ ջերմ գնահատանքի:

Մինչ այդ, արդէն կը վաճառուէին վիճակահանութեան տոմսերը՝ Լ. Գալայճեանի հսկողութեան տակ: Վիճակաձգութիւնը կատարեց վարչութեան անդամ Լուսինէ Պալեան: Այլազան նուէրներով բախտաւորուեցան քսան ներկաներ:

Խոր շնորհակալութիւն կը յայտնենք նուիրաուներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր հայրենակիցներուն ու բարեկամներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին օրուան ձեռնարկը:

Օրուան մթնոլորտէն խանդավառուած՝ կատարուեցան հետեւեալ սրտաբուխ նուիրատուութիւնները.

Տէր եւ Տիկ. Արտաւազդ եւ Արուս Գալայճեան՝ 1500 տոլար

Տէր եւ Տիկ. Անդրանիկ ու Լենա Գալայճեան՝ 1000

Տիկ. Տիանա Անի Սարգիսեան՝ 500

Տէր եւ Տիկ. Թորգոմ Փոսթաճեան՝ 100

Տիկ. Արաքսի Մաճառեան՝ 100

Տիկ. Մարի Կաթրի՝ 100

Տէր եւ Տիկ. Խաչիկ եւ Թագուհի Օհանեաններ՝ 100

Տիկ. Շողիկ Գանտրալեան՝ 100

Տիկ. Ազատուհի Գույումճեան՝ 100

(Թղթակից)

Ասպարէզ

Scroll Up