«Ձեզի Բերեր Ենք Հայրենիքի Շունչը, Մեր Նախնեաց Օրհնութիւնը Եւ Հայ Անապական Զուլալ Երգը» Ըսաւ Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/SayatNova3_022816.jpg)
Վարագոյրը բացուեցաւ, եւ ահա բեմին վրայ առաջին անգամ ըլլալով կանգնած էր «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթը իր շքեղութեամբ, վեհութեամբ ու արտասովոր հմայքով: «Սայաթ-Նովա» համոյթը իր յաղթական խրոխտ կեցուածքով տակաւին կատարումները չսկսած կարծես կ՛ապացուցէր, որ իր ստեղծագործական կորովը կը ծառայէր հայ ժողովուրդին եւ անոր մշակոյթի զարգացման ու պահպանման: Եւ ահա հնչեց Սայաթ Նովայի «Քամանչա» երգը եւ իսկոյն թրթռաց լիբանանահայ հանդիսատեսին սիրտը:
«Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթին աշուղական եւ հայրենասիրական երգերու այս աննախադէպ համերգը կազմակերպած էր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը: Համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն էր Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուետագէտ, փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան, իսկ գործիքային բաժինի ղեկավար` Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ եւ քամանչահար Վարդան Պաղտասարեան: Համերգը տեղի ունեցաւ կիրակի, 28 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ:
«Սայաթ-Նովա» համոյթին անումով հանդէս եկաւ Արթուր Մնացականեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ, թէ համայն սփիւռքի հոգեւոր մայրաքաղաքին մէջ այսօր ազգային երգի տօն է, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով Պէյրութի մէջ ելոյթ կ՛ունենայ «Սայաթ-Նովա» վաստակաւոր համոյթը: Ան նշեց, թէ համերգը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Իսկ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով հանդէս եկաւ Յակոբ Գառնէշեան: Ան ըսաւ, թէ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը պատիւ ունի ներկայացնելու «Սայաթ-Նովա» աշուղական վաստակաւոր համոյթը, ապա նշեց, որ 28 փետրուարը կը զուգադիպի Սումկայիթի նահատակներուն խնկելի օրուան, ինչպէս նաեւ «Սայաթ-Նովա» համոյթի վերածնման օրուան, երբ 28 փետրուար 1992-ին Թովմաս Պօղոսեանի ջանքերով երկար ընդմիջումէ ետք կազմուեցաւ համոյթը` հաւատալով, որ աշուղական-գուսանական եւ ժողովրդային նմանօրինակ խումբերու պահպանումը մաս կը կազմէ մեր մշակոյթի առաքելութեան եւ գլխաւոր գրաւականն է հայ երգի անաղարտ պահպանման: Ան համոյթին ու անոր ղեկավարին մաղթեց գոյատեւում եւ նորանոր յաջողութիւններ: Շնորհակալութիւն յայտնեց եւ երախտիքի խօսքեր ուղղեց Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, անհատ բարերարներու եւ հանդիսատեսին: Յակոբ Գառնէշեան խօսքի աւարտին ըսաւ, որ համերգը պիտի ապացուցէ , որ թուրքի սումկայիթեան մշակոյթին կը պատասխանենք սայաթնովեան մշակոյթով: Ելոյթը կը ծառայեցնենք Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ ազգային մշակոյթի պահպանման ու հարստացման:
Յակոբ Գառնէշեան
Ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան: Ան գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ «Սայաթ-Նովա» համոյթը իր ելոյթով կ՛իրականացնէ վաղեմի երազ մը, որն է` ելոյթ ունենալ Լիբանանի մէջ, ապա հաստատեց, որ հայրենիքի հայութեան համար ալ Լիբանանը երկրորդ հայրենիքի արժէք ունի:
Թովմաս Պօղոսեան ըսաւ, թէ «Սայաթ-Նովա»-ն համերգային պարզ խումբ չէ, այլ Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցն է, որ կ՛առաջնորդուի բացառապէս ազգային սկզբունքներով եւ արժէքներով` պահպանելու ազգային երգը իր վսեմ անապական տեսակով եւ եկող սերունդները դաստիարակելով բացառապէս այդ արժէքներով: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Երգերու գեղեցիկ փունջով կ՛ակնկալենք յագեցնել ձեր պապակ ու ծարաւ սրտերը. ձեզի բերեր ենք հայրենիքի շունչը, մեր նախնեաց օրհնութիւնը, հայ անապական զուլալ երգը»:
Հերթաբար հնչեցին Աշուղ Հայկազունի, Աշուղ Րաֆֆիի, Սայաթ Նովայի, Ջիւանիի, Ֆահրատի, Մուրատ Մշեցիի անզուգական երգերը, ինչպէս նաեւ ազգային-հայրենասիրական երգերու փունջ մը: Ուշագրաւ էր արցախեան մշակոյթէն պատկերի մը կատարումը:
Երգիչներուն հիասքանչ ձայնը, գեղեցիկ կատարումները տուին իւրայատուկ ջերմութիւն մը` արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն եւ երբեմն ալ գնահատական բացագանչութիւններուն: Համոյթը իր երգերով պատմեց հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, երգեց հայու փառքն ու յաղթանակը, գովերգեց հայ մշակոյթը:
Համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ջիւանիի անուան դպրոցի սաներէն` լիբանանահայ երգչուհի Քարմէն Աճէմեան:
Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան սրտագին շնորհաւորութիւններ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց համոյթին եւ ըսաւ, թէ սփիւռքեան տարածքներուն վրայ հայութիւնը ինքզինք գօտեպնդած է երգով, ապա ողջունելով համոյթին ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ, կոչ ուղղեց, որ վերստին փարի ժողովուրդը իր ազգային աւանդներուն, յատկապէս երաժշտութեան, ժողովրդային երգերուն, որոնք հայութեան սեփականութիւնն են, որոնք միայն հայութեան միջոցով կրնան ապրիլ եւ ապրեցնել:
Խօսքի աւարտին Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ դոկտ. Սեպուհ Այնթապլեան եւ առաջնորդ սրբազան հայրը անմահացուցին համերգը յուշանուէրով մը, զոր յանձնեցին փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանին:
«Ախ իմ հայրենիքի ջուրը» եւ «Հայեր միացէք» երգերով համերգը իր աւարտին հասաւ: Պէտք է հաստատել, որ «Սայաթ-Նովա»-ն իրօք եղաւ կենդանի ապացոյց մը, ոչ միայն աշուղական-հայրենասիրական երգեր մեկնաբանելու, այլեւ սերմանելու հայրենասիրութիւն եւ հայապահպանման առաքելութիւնը իրականացնելու:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: