Դաւիթ Տօնոյեանը Վիեննայի Մէջ Ներկայացուցած է ՀՀ Պաշտպանութեան Ռազմավարական Վերանայման Արդիւնքները

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Փետրուար 16-17 Վիեննայի մէջ մասնակցած է «Ռազմական վճռական մօտեցումներ» խորագիրով ԵԱՀԿ սեմինարին:
Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան բոլոր անդամ երկիրներու զինուորական եւ քաղաքացիական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ հինգ տարին մէկ անգամ իրականացուող ձեռնարկը նպատակաուղղուած եղած է անվտանգային միջավայրի փոփոխութեան զուգընթաց վճռական լուծումներու շուրջ մտքերու փոխանակման:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` սեմինարին հանդէս գալով ՀՀ պաշտպանութեան ռազմավարական վերանայման արդիւնքները լուսաբանող ելոյթով` ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը, մասնաւորապէս, նշած է. «ՀՀ անվտանգութեան ապահովման նպատակներին հասնելու համար եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի հովանու ներքոյ իրականացուող բանակցային գործնթացի համար նպաստաւոր պայմաններ ձեւաւորելու նպատակադրմամբ, նախատեսում ենք գործադրել մի շարք միջոցներ: Դրանցից է «սանձահարման/Զսպման համակարգը»(Deterrence system), որը Հայաստանի Հանրապետութիւնը գործի է դնում առկայ զինուած դիմակայութիւնը նուազեցնելու համար:
«Սանձահարումը/Զսպումը» մեր դոկտրինալ (վճռական, -Եռագոյն-) մօտեցումներում հետզհետէ դուրս է մղում «ստատիկ պաշտպանութեան» հայեցակարգին, որը հակառակորդի կողմից կարող էր դիտարկուել որպէս անբաւարար հզօրութեան վկայական: Իրականում, 25 տարուայ պաշտպանողական կեցուածքը մեզ տուեց ոչ աւելի քան գնալով քաջալերուող սադրիչ գործողութիւններ: Այնպէս որ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրականացնելու է որակական լուծումներ` քանակական անհաւասարակշռութիւնները չէզոքացնելու համար, միաժամանակ խստօրէն պահպանելով սպառազինութիւնների վերահասկման ոլորտում առկայ սահմանափակումները: «Սանձահարման/Զսպման համակարգը» կ’իրականացուի ինչպէս արձագանգող, այնպէս էլ կանխարգելող եղանակով»:
Վիեննա գտնուելու ընթացքին Դաւիթ Տօնոյեանը հանդիպած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի` սպառազինութիւններու վերահսկման եւ միջազգային անվտանգութեան հարցերով տեղակալ Ռոուզ Կոթեմոլըրին: Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան, սպառազինութիւններու վերահսկման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ մարդասիրական ականազերծման նախագիծերու իրականացման վերաբերող հարցեր։