«Փիլիպոս»ին Համար 60,000 Տոլարի Կրթանպաստ Ապահովելու Ջանքին Միանալու Կոչ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/0000pilibos-grant.jpg)
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը այս տարի դիմում մը ներկայացուցած է «Ֆոլեթ Չելընճ» ծրագիրէն կրթանպաստ ստանալու նպատակով։
«Ֆոլեթ Չելընճ»ի նպատակն է քաջալերել արդի արհեստագիտութիւնը դասաւանդման մէջ օգտագործելու ջանքերուն։
Իր դիմումին մէջ, վարժարանը լուսարձակի տակ առած է իր իւրայատուկ «Design Based Learning» նախաձեռնութիւնը, որ աշակերտները համագործակցութեան, հաղորդակցելու, ստեղծագործելու եւ հարցապնդող մտածելակերպ որդեգրելու կը մղէ՝ օգտագործելով արդի արհեստագիտութիւնը։ Դասաւանդման այս եղանակով, աշակերտները կը սորվին հարցերը սահմանել, լուծումներ գտնելու հնարքներ գտնել եւ գործածել, տրամաբանական կապեր գտնել՝ հասնելու համար լուծումներու։
«Ֆոլեթ Չելընճ» ծրագիրէն կրթանպաստ ստանալու դիմումին կրնայ նպաստել նաեւ ժողովուրդի ներդրումը, որ վերջնական որոշումի 20 տոկոսին պատասխանատու է։
Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանին ծանօթանալու եւ անոր ի նպաստ քուէարկելու համար, այցելել http://follettchallenge.com/videos/631 կայքէջը։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: