«Բարեկենդան»ը Քուէյթի Ազգային Վարժարանէն ներս

Բարեկենդան կը կոչուին շաբաթապահքերու եւ Մեծ Պահքի նախորդ օրը: Բարեկենդանին կը թոյլատրուին չափաւոր վայելքներ, խրախճանքներ, խաղեր եւ ուտեստներ: Մեծ Պահքի բարեկենդանը կը կոչուի Բուն Բարեկենդան, որովհետեւ կը նախորդէ ամենաերկար պահքին: Բարեկենդանը մարդու երջանկութեան յիշատակն է, զոր դրախտին մէջ կը վայելէին Ադամն ու Եւան:
Բուն Բարեկենդանը դարեր շարունակ մեծ շուքով տօնած են նաեւ հայերը: Տօնին յատուկ եղած են ուրախութիւնն ու խրախճանքը, կերուխումը, հիւրասիրութիւնները, թատերական ներկայացումները, երգն ու պարը: Կարեւոր է նշել, որ «Բարեկենդանը» հաւաքական տօն եղած է, որուն մասնակցած են ընտանիքի բոլոր անդամները՝ տօնական սեղանի շուրջ միասնաբար ուրախանալով եւ դիմաւորելով կեանքի ու բնութեան նոր սկիզբը` գարունը:
Տօնին բնորոշ դիմակահանդէսին նպատակը կերպարանափոխուիլն ու մինչ այդ անյայտ երեւոյթով կարենալ ապրիլն է: Աւանդական խոհանոցի մասնագէտ եւ բանահաւաք Սոնիա Թաշճեան, անդրադառնալով «Բարեկենդանի» տօնին, կ’ըսէ. «Երբեմն այն ձգտման արտայայտութիւն է, ինչպիսին որ կ’ուզենար լինել տուեալ անձնաւորութիւնը: Երբեմն այլ մարդկանց (յատկապէս իշխանաւորներին) ծաղրելու բողոքի արտայայտութիւն է, նրանց սխալները վերհանելու եւ սրբագրելու հնարաւորութիւն է հետապնդում, յաճախ նաեւ բնութեան չար ոգիներին վախեցնելու նպատակ ունի: Եւ, վերջապէս, կերպարանափոխուած մարդը անճանաչելի է, հետեւաբար անմնացորդ զուարճանալու առիթ է, հասարակութեան բարոյական սկզբունքներից ամբողջութեամբ ազատ լինելու եւ իր ցանկացածը կատարելու միակ հնարավորութիւնն է»:
Հինգշաբթի, 11 Փետրուար 2016ին, Ազգային Վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմի նախաձեռնութեամբ, ուրախ մթնոլորտի մը մէջ տօնուեցաւ «Բարեկենդանը», որուն կը մասնակցէին Վարժարանի միջնակարգի բաժինի աշակերտները:
Տօնական ձեռնարկը բաց յայտարարեցին ութերորդ կարգի աշակերտներ Հուրի Պալճեան եւ Յարութ Գայթանճեան, որոնք առաջին հերթին անդրադարձան օրուան խորհուրդին, այնուհետեւ հրաւիրեցին բոլոր ներկաները՝ միասնաբար ուրախանալու եւ զուարճանալու:
Օրուան խորհուրդի անբաժան մասնիկը՝ ճոխ ուտեստեղէնը, ապահովուած էր աշակերտներուն կողմէ, որ առատապէս լեցուցած էր տօնական սեղանը:
Նախապէս տրուած ցուցմունքին համաձայն՝ աշակերտները ծպտուած էին տարբեր ժողովուրդներու ազգային տարազներով: Իսկ ամէնամեայ մրցոյթին մասնակցելու եւ ժիւրիին կողմէ բարձր գնահատական ստանալու համար, անհրաժեշտ էր պատշաճ կերպով ներկայացնել տուեալ ազգի բարքերն ու սովորոյթները:
Տարբեր ազգերու տարազներով ներկայացած աշակերտները տօնական մթնոլորտը վերածեցին ազգերու հանդիպման կայանի, ուր բարի տրամադրութեամբ կ’ողջագուրուէին մեքսիքն ու եւրոպացին, հայն ու արաբը, գնչուն եւ հնդիկը, հին եգիպտացին ու հռոմէացին:

Այս մասին կը յայտնէ Քուէյթի Ազգային Վարժարանի ֆէյսպուքեան էջը:

Scroll Up