Թշնամիի Կրակոցէն Արցախի Մէջ Քաղաքացի Մը Զոհուած Է

Փետրուար 11-ին` ժամը 16:00-ի սահմաններուն, թշնամիին կողմէ դիպուկահար հրացանի կրակոցէն Արցախի մէջ զոհուած է քաղաքացիական անձ, Մարտունիի շրջանի Վազգէնաշէն գիւղի բնակիչ, հովիւ, 1962թ.ի ծնունդ Յակոբ Համբարձումեան:

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

 Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը:

Scroll Up