Շառլ Ազնաւուր. « Ես Ցանկացայ Կոտրել Բոլոր Կարծրատիպերը»

«Հայերն այսօրը» կը ներկայացնէ հատուածներ` բրիտանական աշխարհահռչակ The Guardian թերթին մէջ տպագրուած Ազնաւուրին նուիրուած յօդուածէն:

Քննադատները կ’ըսէին, որ ան չափազանց տգեղ է, բաւականին կարճահասակ եւ ունի ահաւոր ձայն: Յետագային 51 ալպոմ, հարիւրաւոր երգեր եւ հազարաւոր բեմեր: Այսօր Շառլ Ազնաւուր կը համարուի կենդանի առասպել: 91-ամեայ երգիչը կը խօսի Էտիթ Փիաֆի, բեմի լեզուի եւ փլաստիկ վիրաբուժութեան մասին:

Ազնաւուր ամենամեծ երգիչ-երգահաններէն է, որ երբեւէ Ֆրանսան ունեցած է: Ծննդեան 91-ամեակէն  քանի մը օր առաջ, նստած իր թաւշեայ բազկաթոռին, հեղինակաւոր երգիչը կը  քննարկէ կանացի բուրմունքի գաղտնիքները: Իր նոր ալպոմին մէջ ան կը յայտարարէ. «Ես կը սիրեմ թեւերուդ բոյրը»` հասցէագրելով իր 50-ամեայ շուէտուհի կնոջ: Ազնաւուր կը ճանչնայ իր լսարանը. ան ամենայաջողակ ֆրանսական շանսոնիէն է աշխարհի մէջ, քնարերգու, որ կ’որոշէ զանգուածային մշակոյթի սահմանները տասնամեակներ շարունակ: Եւ սա այն ամէնուն արդիւնքով, որ անոր երգերը միշտ եղած են վտանգաւոր:

Ան իր լայմագոյն կամ կանաչ տաբատով, ատոր համապատասխանող գուլպաներով ու համարձակ երգերով կարծրատիպեր կոտրեց: Երբ նոյնիսկ 1940-ականներուն սեռերու թեման դեռեւս ֆեմինիստական կանչ չէր ապրած, Ազնաւուր այն դուրս բերաւ գիշերային բութ սենեակներէն: Եղած վիճակը հիանալի սիւժէներ կու տար կին երգիչներուն, որոնք կ’երգէին կոտրուած սրտերու եւ միակողմանի սիրոյ  մասին, բայց «տղամարդիկ երբեք չեն երգած իրենց սեփական յուսահատութեան մասին»: Ան ստեղծեց կերպար մը, որ իր ազատութեան հետ մէկտեղ զգացումի  բաց ջիղ մըն էր:

Այսօր կը զղջայ. «Իմ տեսակս  հիւանդութիւն մը ունի. խօսիլ բաներու մասին, որոնց մասին չարժէ եւ պէտք չէ խօսիլ: Ես սկսայ վիճելի թեմաներէ: Ցանկացայ ոչնչացնել բոլոր արգելքները»: Անոր քնարերգութեան մէջ այս նոր միտումը` թեւերէն մինչեւ թեւատակերու բոյրը, կը զարգացնէ  սիւժէ մը, ուր կոյր տղան կը սիրահարուի հոտառութեամբ: «Երբ ես գրեցի «Խուլ» սիրոյ մասին, ես սորվեցայ ժեստերու լեզուն: Այս ալպոմին մէջ ես ցանկացայ նկարագրել մէկուն, որ միայն այդ լեզուն ունի»: Ան դադրեցուց խօսիլը. «ես դեռ չեմ գիտեր, թէ ինչպէս պիտի կատարեմ այդ երգը բեմին վրայ»: Իր համերգային համարներուն մէջ ան կը մտնէ տարբեր կերպարներու մէջ, որոնք որոշակի թատերական հոգեվիճակներ են: Այսպիսով` երգը կը նմանի մնջախաղի, որուն մէջ կը միաւորուին տարբեր արուեստներ:

Ազնաւուր դեռեւս կատարողական եւ  երգահանի բարձունքի վրայ է: 1200 երգ եւ աւելի քան 100 միլիոն ձայնագրութիւններու վաճառք ողջ աշխարհի մէջ իր 50-ամեայ աշխատանքի ընթացքին: Ֆրանսան կը խոնարհի անոր  առջեւ` որպէս Ոսկէ դարի վերջին կենդանի առասպելի: Շատ յայտնի երգիչներու նման ան ալ կը ներկայացնէ մշակութային Ֆրանսայի էութիւնը` շարունակելով Ժորժ Մուստակին եւ Էտիթ Փիաֆին: Սակայն արմատները այլ տեղ կը տանին` Հայաստան: Ձգելով դպրոցը` ան սկսած է երգել ֆրանսական քաղաքային գիշերային ակումբներու մէջ: Սակայն յաջողութեան տանող ճանապարհը  երկար էր եւ տանջալի:

Այս 51-րդ ալպոմը պատրաստուած է Բրիտանիոյ մէջ, ի զուր չէ, որ արուեստագէտը դեռեւս տասնամեակներ առաջ ըսած էր. «Ֆրանսան բառերու համար է, Բրիտանիան` երաժշտութեան»: Հիմա արդէն փոքր-ինչ քմծիծաղով համեմուած երգերը դարձած են գերակշռող: «Ես  91 տարեկան չեմ զգար: Ես միշտ մտածած եմ, որ մարդ երբեք պէտք չէ կորսնցնէ երեխայի հայեացքը: Ես բան չեմ թաքցներ իմ լսարանէս»: Ազնաւուր յաճախ   անկեղծացած է, որ երբեմն անոր գիտակցութիւնը մեխանիկական թելադրանքով կ’աշխատի, յիշողութիւնը հազուադէպ կը մարի, սակայն ինք ծեր չէ եւ կ’ատէ, երբ show business-ը կը համարեն «երիտասարդներու կուռք»:

«Աւելի ու աւելի շատ տղամարդիկ  սկսած են փոխել իրենց արտաքինը` վիրահատութիւններու դիմելով: Ես քիթի հետ քիչ մը խնդիր ունէի եւ դրդուած գացի այդ քայլին: Այսօր ես ունիմ սպիտակ մազեր: Ես ձգած եմ իմ կնճիռներս այնտեղ, ուր անոնք կ’առաջանամ: Եւ ես կը թուիմ աւելի երիտասարդ, քան միւսները, քանի որ ես չեմ խմբագրեր բնութեան գործերը»: Իսկ քիթի վիրահատութեան հեղինակաւոր երգիչը գացած է Էտիթ Փիաֆի յորդորով: Յետագային երգչուհիին խօսքերը` ես քեզի անցեալին ալ կը  նախընտրէի, արժէին, որ ան պառկէր վիրահատական սեղանին:

Նոր ալպոմին մէջ Փիաֆի մասին երգ կայ: Սա առաջին անգամն է, որ Ազնաւուր երգ  կը գրէ անոր մասին, չնայած որ անոնք միասին ապրած են 8 տարի` պղատոնական զգացումներ կիսելով: «Ես երբեք չեմ ունեցած սիրային կապ անոր հետ: Ատիկա մեզի փրկեց: Ես փոքր էի անկէ 9 տարի, սակայն ան ինծի ընտրեց, որովհետեւ ես անոր կեանքը բերի իմ երիտասարդութիւնս, իմ խելագարութիւնս, իմ գոյնս»:

Ազնաւուրի միւս գլխաւոր դերը այսօր ամենաճանչցուած հայերէն մէկը ըլլալն է աշխարհի մէջ: Ան վերջապէս ունեցաւ երկքաղաքացիութիւն` դառնալով Հայաստանի դեսպանը Զուիցերիոյ մէջ եւ ճանապարհորդելով նախագահ Օլանտի հետ` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած մեծ ձեռնարկին: Սակայն հասարակ ֆրանսացիի համար Շառլը կը մնայ միայն իրենը:

«Ես կ’ատեմ «հրաժեշտի շրջագայութիւն» արտայայտութիւնը, ես երբեք չեմ ըսեր ատիկա, ես մտադրուած եմ երգել մինչ մահս»:

Պատրաստեց` Ամալեայ Կարապետեան

ԵՊՀ Լրագրութեան բաժանմունքի 4-րդ դասարանի ուսանողուհի

Scroll Up