Պատմական Տարածքներու Վերադարձը Ցեղասպանութեան Հետեւանքներու Վերացման Տարբերակներէն Է. Հետազօտութիւն

Պատմական Հայաստանի տարածքներու կամ ատոնց մէկ մասի վերադարձը մեր երկրին Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման տարբերակներէն մէկն է:

Այս մասին կը վկայեն Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի աշխատանքային խումբի «Հայոց ցեղասպանութեան երեւոյթի ընկալման առանձնայատկութիւնները եւ հոգեբանական-աշխարհայեացքային անդրադարձները հանրային կարծիքով» թեմայով սոցիալական հետազօտութեան արդիւնքները:

«Հետազօտութիւնն իրականացուել է 2015 թ. Մարտի 15-ից Ապրիլի 15-ն ընկած ժամանակահատուածում, 560 երեւանցիներ են մասնակցել: Հետազօտութեան նպատակն է եղել վեր հանել Օսմանեան կայսրութեան իշխանութիւնների կողմից ծրագրուած եւ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան փաստի կապակցութեամբ հանրային կարծիքում առկայ տրամադրութիւնների ու դիրքորոշումների, դրա հետեւանքների մեղմման եւ վերացման քայլերի վերաբերեալ կարծիքների ասպեկտները»,-«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ` Փետրուար 3-ին լրագրողներուն հետ զրոյցին նշած է փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս, հետազօտական խումբի ղեկավար Յովհաննէս Յովհաննիսեան:

Ստացուած տուեալներու հիման վրայ պատրաստուած է վերլուծութիւն, որ օգտակար կրնայ ըլլալ մասնագէտներու, պետական կառոյցներու համար:

«Ըստ հետազօտութեան` Ցեղասպանութիւնը հարցուողների շրջանում ափսոսանքի եւ կորստեան ցաւի, այն կազմակերպողների եւ իրականացնողների նկատմամբ ատելութեան, պահանջատիրութեան եւ հատուցման համար պայքարելու զգացողութիւններ է առաջացնում»,-նշեց Յովհաննէս Յովհաննիսեան:

Ցեղասպանութիւններու հետեւանքներու վերացման տարբերակներուն մէջ հարցուածները նշած են պատմական Հայաստանի տարածքներու կամ մէկ մասի վերադարձը, հայերուն նկատմամբ իրականացուած Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչումը եւ դատապարտումը Թուրքիոյ կողմէ, զոհերու, անոնց հարազատներու եւ ժառանգներու վերաբնակեցումը պատմական հայրենիքին մէջ, ԼՂՀ ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ, Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն նիւթական եւ դրամական փոխհատուցում տրամադրելը եւ այլն:

Բացի այդ, ըստ հարցման տուեալներու` Հայաստանի ու անոր խնդիրներուն նկատմամբ դրական վերաբերմունք կը ցուցաբերեն Ֆրանսան, ՌԴ-ը, Յունաստանը, ՄԱԿ-ը, Իտալիան: Բացասաբար տրամադրուած երկիրներն են Ատրպէյճանը, Թուրքիան, «Իսլամական Պետութիւնը»:

Յովհաննէս Յովհաննիսեանի տեղեկացմամբ` նոյն հետազօտութիւնը կ’իրականացուի նաեւ այս տարի:

 

Scroll Up