Մարդկային Իրաւանց Քարտուղարը Հանդիպեցաւ Արժանթինի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ

Հինգշաբթի, 14 Յունուարին, Արժանթինի մարդկային իրաւանց քարտուղար Քլաուտիօ Աւրուխ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ժանիկ Քէչեանի եւ քարտուղար Էտուարտօ Գոզանլեանի հետ: Այս մասին կը գրէ Asbarez.com-ը:
Հանդիպումին ընթացքին Քէչեան պետական պաշտօնեային փոխանցեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կառոյցի շնորհաւորութիւնները իր նշանակման առիթով, ինչպէս նաեւ ներկայացուց տասնամեակներէ ի վեր Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ շրջանին մէջ տարուած աշխատանքը, ոչ միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պահանջին ի խնդիր, այլեւ մարդկային իրաւանց ուղղութեամբ: Ժանիկ Քէչեան նոյնպէս յայտնեց Հայ Դատի Յանձնախումբին զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը Աւրուխի գործունէութեան:
Իր կարգին, նորընտիր պաշտօնեան վերահաստատեց հայոց իրաւունքներուն նկատմամբ իր յանձնառութիւնը եւ զօրակցութիւնը, եւ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարին նկատմամբ իր քարտուղարութեան մնայուն աջակցութիւնը արտայայտեց:
Հանդիպումին ընթացքին Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները առաջարկեցին Արժանթինի մարդկային իրաւանց քարտուղարութեան հետ համագործակցիլ եւ հովանաւորութիւն ստանալ, ինչ որ դրական արձագանգ ունեցաւ Քլաուտիօ Աւրուխի կողմէ, որ անգամ մը եւս միասնական աշխատանքի օրակարգի մը պատրաստութեան մասին արտայայտուեցաւ: