Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնախմբութիւն

Ս. Սարգիսի տօնին եւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առթիւ, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, Յունուար 24ին, Ս. պատարագ մատուցեց, սուրբին կեանքն ու մարտիրոսութիւնը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Ս. սեղանին սպասարկեցին Տաճատ վրդ. Աշըգեան եւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան: Այս մասին կը յայտնէ http asbarez.com-ը:

Իր պատգամին սկիզբը, սրբազանը ողջունեց երկու երիտասարդ միաբանները, որոնք ի մօտոյ պիտի ուղղուին իրենց ծառայութեան շրջանները՝ Ֆրեզնօ եւ Սան Ֆրանսիսքօ: Առաջնորդը նաեւ ողջոյնի խօսք ուղղեց ծխական համայնքի զաւակներուն, ինչպէս՝ Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչ Թերէզ Քեմանճեանին, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլին եւ ընտանիքի անդամներուն, եկեղեցւոյ սրահի բարերար Անտոնեան ընտանիքին ու ներկայ հաւատացեալներուն՝ զանոնք շնորհաւորելով այս տօնական օրուան առիթով:

Սրբազանը խօսեցաւ Ս. Սարգիսի, անոր որդւոյն՝ Մարտիրոսի եւ 14 զինակիցներուն մասին, որոնք նախընտրեցին նահատակուիլ, քան՝ հրաժարիլ քրիստոնէական հաւատքէն: Ան ըսաւ թէ, պատմութիւնը կը վկայէ, որ Ս. Սարգիս հեղինակաւոր զօրավար մըն էր իր օրերուն, սակայն նաեւ հզօր հաւատացեալ մը քրիստոնէութեան ու հաւատարիմ՝ Տիրոջ: Ան անվախօրէն ու գիտակցաբար մահուան դիմեց, տեղի չտուաւ սպառնալիքներուն, դարձաւ նահատակ եւ այսօր կը մնայ ամէնէն սիրուած սուրբերէն մէկը: Ան կը մնայ նաեւ հաւատքի ու ծառայութեան տիպար օրինակ մը եւ՝ հաւատացեալներուն համար ներշնչումի աղբիւր: Շնորհալի հայրապետի շարականին բառերով, Ս. Սարգիս խնդրակատար բարեխօս է մեր Փրկիչին մօտ, իբրեւ խնդրանքներ կատարող, աղօթքներ լսող, չարը հալածող եւ նեղութեան մէջ ինկածներու վիշտերը մեղմացնող սուրբ։

Յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան արարողութեան պահուն, յատուկ յիշատակութեան արժանացան եկեղեցւոյ առաջին հովիւը՝ Սարգիս քհնյ. Անդրէասեանը, Կիտցինեան բարերար ընտանիքի ծնողները, հոգաբարձութեան, Ազգ. երեսփոխանական ժողովի ու տիկնանց միութեան անդամներ եւ այլ ծառայողներ: Ապա, առաջնորդը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը: Աւարտին, ան ներկայ հաւատացեալները օրհնեց այն ճաճանչաւոր խաչով, որ կը պարունակէ մեր նահատակներուն մասունքները:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան ծխական համայնքին անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց առաջնորդին, որ այս տօնին առիթով ամէն տարի կը պատուէ շրջանը: Արարողութիւնը վերջ գտաւ սրբազանի օրհնութեան աղօթքով եւ «Կիլիկիա»ի ու Հայրապետական մաղթանքի երգեցողութեամբ:

Այնուհետեւ ներկաները անցան «Անտոնեան» սրահ, ուր տիկնանց միութիւնը կազմակերպած էր աւանդական հիւրասիրութիւն մը՝ նախագահութեամբ առաջնորդին: Ընթացքին, սրտի խօսքեր արտասանեցին հոգեւոր հովիւն ու երկու միաբան հայրերը, ինչպէս նաեւ Կիտցինեան ընտանիքի անդամներ: Կիտցինեաններու թոռնիկը՝ Լոռին, գեղեցիկ անակնկալ մը հրամցուց ներկաներուն՝ արտասանելով Ս. Վարդանանցի նուիրուած ոտանաւոր մը:

Ճաշկերոյթի փակման խօսքը արտասանեց առաջնորդը՝ գնահատելով եկեղեցիին ու գաղութին նուիրեալ ծառայողները, մասնաւորաբար՝ տիկնանց միութիւնը, որ նուիրումով կատարած էր մատաղի պատրաստութիւնը, ապա յորդորեց այս առաքելութիւնը շարունակել սիրով եւ հաւատքով։

Յայտնենք, որ Ս. Սարգիսի տօնը շրջանին մէջ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծած էր ամբողջ շաբաթավերջին. արդարեւ, Ուրբաթ օր սկսած էր մատաղի պատրաստութիւնը՝ աղի օրհնութեամբ, իսկ Շաբաթ երեկոյ կատարուած էր հսկումի արարողութիւն:

Պատարագով եւ ճաշկերոյթով, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական համայնքը տօնական մթնոլորտը լիութեան հասցուց եւ օրուան խորհուրդով տոգորուած՝ վերադարձաւ տուն:

Scroll Up