ԵԽԽՄ-ի Մէջ Հակահայկական Զեկոյցներուն Դէմ Առցանց Ստորագրահաւաքին Միացած Են Օտարերկրացիներ

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանի օրակարգին մէջ ընդգրկուած հակահայկական զեկոյցներուն դէմ համացանցի վրայ նախաձեռնած ստորագրահաւաքի նպատակը հասարակական մեծ շարժում սկսիլն ու հայ հասարակութեան այդ զեկոյցներուն մասին տեղեակ պահելն է: Այս մասին յայտնեցին Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակէն` պատասխանելով «Արմէնփրէս»-ի հարցումին: «Ստորագրահաւաքին միացած են ոչ միայն հայեր, այլ նաեւ օտարեկրացիներ, որոնք կ’ընդվզին Ատրպէյճանի աշխատաոճի եւ եւրոպական շարք մը կառոյցներու ոչ ժողովրդավարական կեցուածքին դէմ»,- ըսուած է Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանին մէջ:
Գրասենեակէն յայտնեցին նաեւ, որ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին հայաստանեան պատուիրակութեան անդամները Յունուար 26-ին լիագումար նիստի ընթացքին, երբ կը քննարկուին հակահայկական զեկոյցները, պէտք է ներկայացնեն նաեւ ատոնց դէմ կազմակերպուած ստորագրահաւաքի արդիւնքները: ԵԽԽՎ ձմեռնային նստաշրջանի օրակարգին մէջ ընդգրկուած է երկու հակահայկական զեկոյց: Ատոնք են` բրիտանացի խորհրդարանական Ռոպերթ Ուոլթերի «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միւս գրաւեալ տարածքներուն մէջ» եւ Պոսնայի ու Հերցեկովինայի ներկայացուցիչ Միլիցա Մարքովիչի «Ատրպէյճանի սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները կանխամտածուած կերպով կը զրկուին ջուրէ» զեկոյցները: Զեկոյցները քուէարկութեան կը դրուին Յունուար 26-ին:
Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը համացանցի վրայ ստորագրահաւաք նախաձեռնած է` ընդդէմ ԵԽԽՎ օրակարգին ընդգրկուած հակահայկական զեկոյցներուն: Առցանց ստորագրահաւաքին միացած է աւելի քան 8 հազար մարդ:
ԵԽԽՎ ձմեռնային նստաշրջանի մեկնարկէն առաջ վեհաժողովին արդէն նախկին նախագահ Անն Պրասեորը հանդէս եկած էր մամլոյ ասուլիսով, որուն ժամանակ չէր բացառած, որ հակահայկական զեկոյցները կրնան քննարկման չդրուիլ: Ան յայտարարած է, որ կան բազմաթիւ առաջարկներ` հակահայկական բանաձեւերու նախագիծերուն վերաբերեալ քննարկում չիրականացնելու: Ան աւելցուցած է, որ վերջնական որոշում պէտք է կայացնէ վեհաժողովը` քննարկե՞լ նախագիծերը, թէ՞ ոչ կամ ատոնք ետ ուղարկել յանձնաժողով: Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակէն եւս «Արմէնփրէս»-ին յայտնեցին, որ կայ հաւանականութիւն, որ այդ բանաձեւերը քննարկման չեն դրուիր: