Արմաշ Երգչախումբը Երգեց Մար Ապտա Եկեղեցւոյ Մէջ

Հինգշաբթի, 21 Յունուար 2016-ի երեկոյեան, Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան առիթով, Մարոնիթ համայնքի Մար Ապտա եկեղեցւոյ մէջ, Գարեգին Վրդ. Շխրտըմեանի խմբավարութեամբ Դպրեվանքի ԱՐՄԱՇ երգչախումբը հոգեւոր ելոյթով մը հանդէս եկաւ։ Այս առիթին ԱՐՄԱՇը մատուցեց Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութեան պատկանող փունջ մը բազմաձայն շարականներ։

Յայտնենք, որ Պիքֆայայի մէջ կազմակերպուած միջ-եկեղեցական այս հոգեւոր հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ լիբանանեան այլ համայնքներ ներկայացնող երգչախումբեր։

Scroll Up