ՌԱԿ «Պայքար» Ակումբի Ընկերներ՝ Մի՛շտ Պատնէշի Վրայ
Յունուար 5ին, ՌԱԿ Պէյրութի «Պայքար» ակումբը իր հաւատաւոր անդամներուն ու համակիրներուն կը ներկայանար վերականգնող ոգիով, նորանոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու յանդուգն կեցուածքով ու գաղափարական շրջանակի կարգապահ գիտակցութեամբ:
Ակնյայտ իրողութիւն է, որ ՌԱԿ «Պայքար» ակումբի եւ անոր հաւատաւոր անդամներու ու համակիրներու կուսակցանուէր գործունէութեան ոլորտներն ու սահմանները մեծապէս ընդարձակուած են, եւ հրամայական անհրաժեշտութիւն է դարձած առաւել մօտէն ու անմիջականօրէն նոյնինքն պատմական տարողութիւն ունեցող իր ակումբին կողմէ, որ կոչուած է ՌԱԿ-ի հարազատ արտայայտիչն ու հայելին դառնալու Կուսակցութեան շինիչ, բազմակողմանի գործերուն, նպատակներուն ու տեսլականին:
Ահա՛ նման առաջադրանքներով, անհրաժեշտ նկատուեցաւ «Պայքար»ին տալ իրեն յատուկ վայելքով նո՛ր կորով, շունչ ու թափ, որպէսզի գաղափարակից ընկերներ կարենան մօտէն իրազեկ դառնալ ՌԱԿ-էն ներս տիրող կացութեան ու անոր գործունէութեան դրսեւորումին:
Գնահատելի նախաձեռնութեամբ ու արդար մտահոգութեամբ, ընդառաչելով «Պայքար» ակումբի վարչութեան հրաւէրին, Նիւ Եորքէն Ընկ. Յակոբ Վարդիվառեան ստանձնեց նախագահութիւնը «Խթման Երեկոյեան» ձեռնարկին: Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներու նման ձեռնարկներուն, «Պայքար» ակումբի ժրաջան երիտասարդ վարչական կազմը ինքնատիպ մտայղացումը ունեցած էր նոր ձեւով ու բովանդակութեամբ ներկայացնելու ՌԱԿ-ի կատարած դերն ու բազմապիսի գործունէութիւնը զանազան շրջաններու մէջ:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Զալքայի Olivia’s Sky շքեղ ճաշասրահին մէջ, երեկոյթին յատուկ ակնկալուածէն աւելի բազմութեամբ: Որոշեալ ժամուն, Կուսակցութեանս բազմաթիւ ղեկավարներ, անդամներ, համակիրներ եւ ծանօթներ, արդէն տեղ գրաւած էին սրահին մէջ:
ՌԱԿ-ի հիմնը յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ «Պայքար» ակումբի փոխ ատենապետ՝ Ընկ. Կարօ Յակոբեանը, որ սեղմ, այլ բովանդակալից գիծերու մէջ ներկայացուց ՌԱԿ-ի առաջադրանքները ու նպատակը, տօնակատարութեան բնոյթը, օրուան նախագահ Ընկ. Վարդիվառեանի ունեցած դերակատարութիւնը ՌԱԿ-էն ներս եւ իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն, որոնք քաջալեր հանդիսացան սոյն ձեռնարկին իրագործման:
Երեկոյթին երաժշտական բաժնին յատուկ հմայք տուին ընկերՌաֆֆի Տօնէրեան օրկանինուագակցութեամբ եւ սփիւռքահայ երգիչ Ռաֆֆի Կեպօղլանեան, որոնք մթնոլորտը ճոխացուցին հայրենասիրական, սիրային հայերէն թէ օտար ծանօթ երգերով: Ապա բեմահարթակ հրաւիրուեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ նախկին ատենադպիր եւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի նախկին ատենադպիր Ընկ. Արտաւազդ Մելքիսէթեան, որ իւրայատուկ ոճով հանդիսատեսներուն ներկայացուց Ընկ. Յակոբ Վարդիվառեանը, որ հեռաւոր Ամերիկայէն յատուկ առաքելութեամբ ներկայ կը գտնուէր Լիբանան:
Յատկանշական էր Ընկ. Վարդիվառեանի ելոյթը, որ արժանացաւ բոլոր ներկաներուն գնահատանքին: Ան նախ յայտնեց իր անհուն ուրախութիւնը «Պայքար» ակումբի ժրաջան վարչութեան, որ ոգի ի բռին գործունէութիւն կը ծաւալէին իրենց շուրջ համախմբելու երիտասարդ ու կորովի երիտասարդներ, որոնք ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն բարձր պահելու համար ՌԱԿ-ի վարկն ու արժանապատուութիւնը: Ապա ան ներկայացուց ՌԱԿ-ի ազգային-եկեղեցական ուղեգիծը: «ՌԱԿ-ը ոչ միայն ազգային կազմակերպութիւն մըն է, այլեւ ազգային եկեղեցական յստակ ու բնորոշ հայեացքներ եւ առաջադրանքներ ունեցող Կուսակցութիւն, որուն սնուցիչ աղբիւրը ու գոյատեւման խորհրդանիշները կը հանդիսանան Մայր Հայրենիքն ու Մայր Աթոռը»: Ընկ. Վարդիվառեան տեսնելով ներկայ գտնուող երիտասարդ ընկերներու խանդավառութիւնը, շարունակեց իր կուռ ու տպաւորիչ ելոյթը, շեշտը դնելով նորահաս գաղափարակից սերունդին վրայ, որուն անդամները իբրեւ կուսակցականներ պիտի ըլլային ազգային յետագայ մեր գործիչները: Այնուհետեւ Ընկ. Վարդիվառեան ընդարձակելով իր նիւթը, համոզիչ ու տրամաբանական մօտեցումով միաձուլեց ՌԱԿն ու ԹՄՄը իբրեւ երկու անքակտելի ամրակուռ օղակներ, որոնք կը հետապնդեն ու կը ձգտին նոյն նպատակին,- Հայրենասիրութեան, Մեծ Երազի իրականացման, Հայապահպանման եւ Հայ ոգիի պահպանման համար անդադրում պայքար…:
Ապա իր խօսքը ընդհանրացնելով, Ընկ. Վարդիվառեան ընդգծեց, թէ մեր բոլոր աշխատանքները բարւոք ու փայլուն արգասիքներու հասցնելու համար, անհրաժեշտ են տնտեսական նոր նախաձեռնութիւններու, նոր ղեկավարութեան անյապաղ ընտրութեան, նոր կորով, նոր աւիւն է պէտք վերականգնած տեսնելու համար այն բոլոր արժէքները, որոնք միայն պատիւ կը բերէին իւրաքանչիւր արժանապատուութիւն ունեցող ռամկավար ազատականին: Ան կոչ ըրաւ տարտղնուած շարքերը վերամիացնելու եւ միութիւն ստեղծելու ՌԱԿի շարքերէն ներս, վերադարձնելու համար կուսակցութեան անցեալի լրջութիւնը եւ յարգանք պարտադրելու համար մեզի բարեկամ ու այլ կազմակերպութիւններուն: Նոր ժամանակաշրջանի ազգային պահանջներուն հասնելու թէ հայրենական մարտահրաւէրներուն կարենալ դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է վերամիաւորել մեր բոլոր ուժերը անխտիր:
Մեծ խանդավառութիւն ստեղծող Ընկ. Վարդիվառեանի կուռ ելոյթէն ետք, սրտաբուխ նուիրատուութիւններ տեղի ունեցան, մինչ վարչականուհիներ կը բաշխէին վիճակագրական տոմսակներ, իսկ շահողներ կը ստանային արժէքաւոր նուէրներ:
Երեկոյթը իր աւարտին կը մօտենար երբ տեղի ունեցաւ աւանդական կարկանդակի հատման արարողութիւինը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ներկայ գտնուող ղեկավար ընկերներ՝ Յակոբ Վարդիվառեան, Արտաւազդ Մելքիսէթեան, Նշան Պարութճեան եւ «Պայքար» ակումբի վարչականներ:
Իրապէս, ՌԱԿ «Պայքար» ակումբի կորովի ընկերները արժանի են ամէն դրուատիքի ու խրախուսանքի, կազմակերպած ըլլալուն համար այսպիսի ուշագրաւ հանդիսութիւն մը:
Պայծիկ Գալայճեան