Ամանորին Հադրութի Երեխաները ՀՕՖ-ի Շնորհիւ Նուէրներ Ստացան Ու Նոր Ընկերներ Ձեռք Բերին

Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) «Այո» հարթակի այս տարուան ամանորեայ ծրագիրը անակնկալներ պատրաստելն էր Լեռնային Ղարաբաղի երեխաներուն համար: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցին ՀՕՖ հայաստանեան գրասենեակէն:
«Նուէրներ երեխաներուն» ծրագիրի ծիրէն ներս Երեւանի 6 դպրոցներու (Այբ, Մակսեդան, Լեւ Տոլստոյի անուան128 դպրոց, Մ. Մաշտոցի անուան թիւ 2 դպրոց, Արեգնազան եւ Հ. Կոջոյեանի անուան գեղարուեստի դպրոց) 600 աշակերտներ տուփերու մէջ նուէրներ պատրաստած էին ԼՂՀի Հադրութի շրջանի 1-ին, 2-րդ եւ 3-րդ դասարանցիներուն համար: Նուէրներէն բացի իւրաքանչիւր երեխայ նամակ տեղադրած էր իր պատրաստած տուփին մէջ: «Այո» տուփերուն աւելցած էր ձմեռնային գլխարկ, ձեռնոց եւ գուլպայ:
Մօտ մէկ ամիս տեւած աշխոյժ դրամահաւաքին շնորհիւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող բազում մարդիկ օգնած են հաւաքագրել 2919 տոլար` այս ամանորեայ հեքիաթը մանուկներուն համար իրականութիւն դարձնելու համար:
Հայաստանի մէջ դրամաhաւաքի համար կամզակերպուած են զանազան տօնական ձեռնարկներ, որոնցմէ էին` Հանրապետութեան հրապարակի մեթրոյի կայարանին մէջ երաժշտական համերգ եւ տօնածառի ձեռագործ խաղալիքներու վաճառք:
«Այո»-ն նաեւ մասնակցած է «Լոֆտ» եւ «էոն» սրճարաններուն մէջ տեղի ունեցած ամանորեայ տօնավաճառներուն, որուն արդիւքնով կրցած է հաւաքագրել մօտ 95 հազար դրամ: Նշենք, որ վաճառքի հանուած ձեռագործ աշխատանքները ստեղծուած էին «Այո»-ի կամաւորներու անդադար աշխատանքներու եւ օգնութեան շնորհիւ:
Բոլորի մասնակցութեան շնորհիւ 1800 երեխայ ձեռք բերած են ամանորեայ նուէրներ, տաքուկ ձմեռնային պարագաներ ու լաւ ընկերներ: