Հայ Պատգամաւորը Առաջարկած Է Թրքական Անձնագիրներէն Վերացնել Կրօնի Մասին Նշումը

Քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան առաջարկած է թրքական անձնագիրներէն վերացնել կրօնի մասին տեղեկութիւնը եւ դադրեցնել «ազգութեան code» կիրառումը:
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն ժամանակ ելոյթ ունեցած Փայլան նշած է, որ պետական մարմիններուն մէջ ինք անձամբ բազմաթիւ անգամ խտրական վերաբերմունքի արժանացած է անձնագիրին մէջ քրիստոնեայ նշուած ըլլալուն համար:
Ըստ թրքական «haberciniz.biz» լրատուական կայքին` ելոյթին Փայլան մասնաւորապէս ըսած է. «Կը նայէին անունս ու անմիջապէս կը շրջէին անձնագիրը ճշդելու կրօնի հարցը` քրիստոնեայ: Այդ պատճառով բազմաթիւ անգամներ խտրական վերաբերմունքի արժանացած եմ: 1 օրուան մէջ կատարուելիք գործը ինծի համար մէկ շաբաթ կամ 10 օր կը տեւէր»:
ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` Փայլան քննադատած է նաեւ անձնագիրներուն մէջ կիրառուող «ազգութեան code»` նշելով, որ ատիկա կիրառութեան մէջ մտած է դեռեւս «Թեշքիլաթը մահսուսա»-ի (Յատուկ կազմակերպութիւն) կողմէ ու մինչ այժմ կը կիրառուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ:
«Մեր` հայերուս կոդը 2-ն է, յոյներունը` 1, հրեաներունը` 3, Ասորիներունը` 4-ը,- յիշեցուցած է Փայլան` կոչ ընելով վերացնել փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ խտրական վերաբերմունքը: