Սթամպուլի Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթիւնի Հետեւանքով Զոհերուն Մէջ Հայեր Չկան

Նախնական տեղեկութիւններով` Սթամպուլի մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի հետեւանքով զոհերուն մէջ հայեր չկան: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջը:

Յունուար 12­-ի առաւօտեան Սթամպուլի կեդրոնական` Սուլթանահմեթ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հզօր պայթիւնի հետեւանքով զոհուած է 10 մարդ, 15­-ը` վիրաւորուած: Նահանգապետարանի հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, որ ներկայիս կ’ուսումնասիրուին պայթիւնի պատճառը, տեսակը, միջադէպը մէկ մարդու կամ  քանի մը մարդու կողմէ իրագործուած ըլլալու հանգամանքները:

Թրքական ԶԼՄ­-ները նախապէս  յայտնած էին, որ նախնական վարկածով` հնարաւոր է պայթիւնը իրագործուած է մահապարտ ահաբեկիչի մը կողմէ:

 

 

Scroll Up