Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Այցելած է ՀՀ ԶՈՒ Յառաջապահ Դիրքեր

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Դեկտեմբեր 29-­ին այցելած է Հայաստան-­Ատրպէյճան սահմանագիծին վրայ հերթապահութիւն իրականացնող ՀՀ զինուած ուժերու յառաջապահ դիրքեր:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն, այցելութեան ընթացքին նախարար Նալպանտեան ծանօթացած է առաջնագիծին վրայ զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ պայմաններուն: Զինծառայողներու հետ երկարատեւ զրոյցի ընթացքին Էդուարդ Նալպանտեան խօսած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի կողմէ գործադրուող ջանքերուն, այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու, տարածաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումներուն մասին, պատասխանած է սպաներու եւ զինուորներու տարբեր հարցերուն:

Նախարար Նալպանտեան շնորհաւորած է զինծառայողները` գալիք Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով` մաղթելով խաղաղ ծառայութիւն, տոկունութիւն, առողջութիւն` վստահեցնելով, որ հայ դիւանագէտները պիտի շարունակեն իրենց ջանքերը` ուղղուած յարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման:

Scroll Up