Համազգայինի Յունաստանի «Տիգրան Երկաթ» Մասնաճիւղի Հիմնում Ռոտոս Կղզիին Մէջ

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի Շրջանային վարչութիւնը՝ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի երկար ամիսներու ծրագրաւորման ու կազմակերպական հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, թրքամերձ Ռոտոս կղզիին մէջ հիմնեց մասնաճիւղ մը, տեղացի խումբ մը հայերու խանդավառ մասնակցութեամբ:
Ի դէպ, Հայ Դատի յանձնախումբը անցնող ամիսներուն ընթացքին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ելոյթներու ծիրէն ներս կազմակերպեց զուտ քաղաքական բովանդակութեամբ հրապարակային հանդիսութիւն մը, երեք տարբեր դպրոցներու մէջ Ցեղասպանութեան ու Հայ Դատի բովանդակութեամբ դասախօսաշարք մը, ինչպէս նաեւ Եղեռնին վերաբերող նիւթով ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով կղզիի քաղաքապետական, հաղորդակցական, մտաւորական եւ համալսարանական շրջանակներէն ներս:
Հրապարակային ու տեղական մակարդակի նախապատրաստական այս աշխատանքներու լոյսին տակ, անցնող շաբթուան ընթացքին, տեղւոյն «Սեմիրամիս» պանդոկին մէջ, Դեկտեմբեր 12ին, առաջին քայլ մը նետուեցաւ՝ ամիսներէ ի վեր խօսակցութեանց ու ծրագրումի նիւթ դարձած կղզիին մէջ հայկական մշակութային շարժում, միութիւն մը, համազգայնական կազմակերպական կառոյց մը հիմնելու հեռանկարով:
Այսօր, անվարան կարելի է ըսել, թէ ծրագրումը իրականութիւն, աւելի ճշգրիտ՝ իրականութիւն մը մարմնաւորող գործնական մակարդակի վրայ դրուած է, շնորհիւ տեղական միջավայրին մէջ հասակ առած, սակայն իրենց հայկական աւանդական արմատները չմոռցող, հայոց պատմութիւնը ճանչցող եւ հայութենէ երբեք չհրաժարած հայրենասէր հայորդիներու վերակենդանացած մղումին, որոնք հայկական պահանջատիրութեան իրաւունքի ու արդարութեան գիտակից համոզումով, կ՛ուզեն ծառայել հայութեան՝ հայ մշակոյթի ընձեռած բազմակողմանի հնարաւորութիւններով ու կարելիութիւններով:
Տեղւոյն վրայ, առաջին առիթով Շրջանային վարչութեան վաւերացումով կազմուեցաւ առժամեայ առաջին վարչութիւն մը՝ իր դիւանով, որուն գլխաւոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ մինչեւ Փետրուար 2016 կազմակերպել հիմնադիր ժողով եւ յառաջացնել ընտրովի առաջին վարչութիւնը:
Մասնաճիւղի հիմնադրութեան օրը ներկաներուն ցուցադրուեցաւ այս ամրան ընթացքին Սիրոս կղզիին մէջ Արցախէն հիւրընկալուած տղոց մէկ ելոյթին վիտէօն, որ յուզում ու խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:
Նշանակովի առաջին վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ ընկեր-ընկերուհիներէն.
Քէօսէեան Խարա՝ նախագահ
Վասիլիու-Պարտիզպանեան Վասիլիս՝ քարտուղար
Տեմէլիս-Յարութիւնեան Մայք՝ գանձապահ
Մանուկեան Լարիսա՝ խորհրդական
Մանուկեան Սթամաթիս՝ խոր-հրդական
Քէլէնճեան Խրիսթոս-Հրանդ՝ խորհրդական։
Նոր նշանակեալ վարչութեան փափաքով, նոր մասնաճիւղին տրուեցաւ Համազգայինի «Տիգրան Երկա»չ անուանումը: Այս անունով ալ, առժամեայ վարչութիւնը մօտերս պիտի իրագործէ Նոր Տարուան աւանդական գաթայի կտրում, որմէ ետք պիտի ծրագրէ իր անդամարշաւը: