ԱՄՆ-ը ԼՂ Հակամարտութեան Խաղաղ Լուծման Հաստատ Նպատակադրում Ունի. Պետական Բաժանմունք

ԱՄՆ-­ը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման հաստատ նպատակադրում ունի: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»­-ը, Դեկտեմբեր 21-­ին յայտարարած է Պետական բաժանմունքի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ճոն Քիրպը:

Անոր խնդրած են մեկնաբանել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի` Դեկտեմբեր 19­ին Զուիցերիոյ մէջ կայացած հանդիպումը: Ինչպէս ընդգծած է Քիրպը, «Այդ գագաթնաժողովը երկու երկիրներու ղեկավարներուն տարուան ընթացքին առաջին անգամ հնարաւորութիւն տուաւ հանդիպելու դէմ առ դէմ եւ յստակեցնելու դիրքորոշումները»:

Անոր խօսքով` «Նախագահները ընդունեցին, որ իրադրութիւնը վատացած Է»: Քիրպը նշած է Ուաշինկթօնի աջակցութիւնը խաղաղ բնակչութեան շրջանին զոհերու թիւի կրճատման ուղղուած ձեռնարկներուն: Անոր խօսքով` ԵԱՀԿ­-ի Մինսկի խումբին մէջ ԱՄՆ­-ը Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի գործընկերներուն հետ միասին կը շարունակէ քննարկել բոլոր այդ միջոցները:

Պետական բաժանմունքի ներկայացուցիչը ընդգծած է ժողովրդական դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի համայնքներուն միջեւ, ուր մարդիկ սերունդէ սերունդ ապրած են կողք կողքի եւ այժմ պէտք է վերստին վստահին իրար:

Scroll Up