«Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցը Մենք Աւարտում Ենք Հէնց Այս Շեշտադրմամբ` Ինքնապաշտպանութիւն». Հայկ Դեմոյեան

Դեկտեմբեր 18-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ տեղի  ունեցած է «Մաքառելով կեանքի ու արժանապատուութեան համար. ինքնապաշտպանական մարտերը Մեծ եղեռնի տարիներուն» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացման արարողութիւնն ու համանուն գրացուցակի շնորհանդէսը: Ձեռնարկը նուիրուած էր Անդրանիկ Զօրավարի ծննդեան 150-ամեակին: Ծրագիրը իրականացուցած է «Փրոսփեկտուս» տարածաշրջանային եւ քաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը` ՀՀ Նախագահի աշխատակազմին կողմէ տրամադրուող դրամաշնորհի եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի յայտարարած մրցոյթի ծիրէն ներս, կը տեղեկացնէ ՀԵՀ կայքէջը:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյան նկատած է, որ ցուցադրութիւնը առաջինն է` այսպիսի նիւթի պարունակութեամբ եւ բովանդակութեամբ: «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը մենք աւարտում ենք հէնց այս շեշտադրմամբ` ինքնապաշտպանութիւն: Մեզանում թիւր կարծիք կայ, թէ Ցեղասպանութեան ժամանակ մարդիկ հլու-հնազանդ գնացել են դէպի մահը: Այդպէս չէ, դա ոչ մասնագիտական պատկերացում է: Ցեղասպանութիւնները միշտ ուղեկցւում են դիմադրութեամբ, դա բնութեան օրէնքն է: Եւ գիւղերում, քաղաքներում ապրող մեր հայորդիները` տղամարդիկ, կանայք, ծերունիները, իրենց լուման են ներդրել փրկութեան համար: Դա միայն փրկութեան պայքար չի եղել, դա եղել է արժանապատուութեան համար պայքար»,- ընդգծած է Հայկ Դեմոյեան:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան ընդգծած է, որ ծանրագոյն իրավիճակի մէջ, անյուսալի եւ պետական մեքենայի ոչնչացման գործընթացքի պայմաններուն մէջ հայ մարդը անզէն, ձեռքի տակ եղած միջոցներով կազմակերպած է ինքնապաշտպանութիւն: «Գրեթէ բոլոր բնակավայրերում եղել է ինքնապաշտպանութիւն: Ի հարկէ, մենք գիտենք ինքնապաշտպանութեան մեծ դրուագների մասին` Մուսա լեռ, Վան, Շապին Գարահիսար, Ուրֆա եւ այլն: Մեր այս ցուցադրութեան նպատակն է տեղեկացնել, որ միայն այդտեղ չեն եղել ինքնապաշտպանական մարտեր: Ու դա շատ կարեւոր է եւ ցոյց է տալիս, որ միայն կռուող, իր գոյութեան համար պայքարող ազգը կարող է գոյատեւել: Եւ սա ապագային, ազգապահպանմանը միտուած ուղերձ է: Պատահական չէ, որ ցուցադրութիւնը նուիրուած է Անդրանիկ Զօրավարի 150-ամեակին: Անդրանիկ Զօրավարն այն կերպարներից է, որ իր մէջ ամփոփում է մեր ժողովրդի պայքարը»,- ըսած է Սուրէն Մանուկեան:

Տասնվեց խորագիրներէ բաղկացած երկլեզու (հայերէն, անգլերէն) ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը եւ համանուն գրացուցակը կոչուած են ընդգծելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան հերոսական դրուագները` բազմաթիւ տպաւորիչ ինքնապաշտպանական մարտերը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ծնունդը ազդարարած յաղթանակները: Հայոց պատմութեան այս փառապանծ էջերը անհրաժեշտ է մշտապէս շեշտադրել եւ միլիոնաւոր անմեղ զոհերու հանդէպ ունեցած վիշտը զուգակցի ազգի տոկունութեան եւ պայքարելու վճռականութեան ապացոյցներով:  Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են բազմաթիւ նորայայտ, առաջին անգամ շրջանառութեան մէջ դրուող լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ Անդրանիկ Զօրավարին առնչուող բացառիկ նիւթեր:

 

Scroll Up