Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ընդունեց Ռումանիոյ Ծերակոյտի Անդամ Վարուժան Ոսկանեանը

ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռումանիոյ Ծերակոյտի անդամ եւ հայ համայնքի նախագահ Վարուժան Ոսկանեանի, ընկերակցութեամբ Ազգ. վարչութեան ռումանահայ անդամներուն՝ տոքթ. Նաւասարդ Գազազեանի եւ դոկտ. Գալուստ Յակոբեանի: Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգային վարչութեան այլ անդամներ:
Սրբազանը ողջունեց ռումանահայ հիւրին այցելութիւնը եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթութիւններ տուաւ առաջնորդարանի հովանիին տակ տարուող լայնածիր աշխատանքներուն մասին, որոնք կ՛ընդգրկեն եկեղեցիները, դպրոցներն ու անոնց լծակից միաւորները:
Վ. Ոսկանեան, իր կարգին, ծանօթութիւններ հաղորդեց Ռումանիոյ հայկական գաղութին ու այդ երկրին մէջ հայութեան դերակատարութեան մասին՝ նշելով, որ ռումանահայ գաղութը ունի խոր արմատներ, իսկ վերջին տարիներուն կ՛ապրի վերակենսաւորման վիճակ:
Հանդիպման աւարտին, առաջնորդ սրբազանը հրաւիրեց Վարուժան Ոսկանեանը մասնակից ըլլալու Արցախի թեմակալ առաջնորդին, վարչապետին եւ ընկերակից պատուիրակութեան հետ հանդիպումին։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: