Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին Կը Տօնէ «Յովնանեան» Համալիրի Եւ «Ղուկասեան» Սրահի Բարեզարդման Ամբողջացումը

ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքը տօնական շաբաթավերջ մը անցուց Նոյեմբեր 21-22ին, եպիսկոպոսական Ս. պատարագով եւ ճաշկերոյթով տօնախմբելով «Յովնանեան» համալիրի ու «Հայկ եւ Զարուհի Ղուկասեան» սրահի վերանորոգման ու բարեզարդման ծրագիրի ամբողջացումը:
Պաշտօնական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ բարեզարդուած սրահին մէջ, Շաբաթ, Նոյեմբեր 21ի երեկոյեան: Ներկայ էին Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչները, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամները, շրջանի միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ: Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր շնորհաւորանքի ու գնահատանքի պատգամը ուղղած էր տեսաերիզի մը միջոցով, նկատի ունենալով, որ նոյն երեկոյեան ան կը նախագահէր Կլենտէյլի հայկական գաղութի կազմաւորման 40ամեակի հանդիսութեան ու ՀՄԸՄի Օրուան տօնակատարութեան:

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Կիրակի, Նոյեմբեր 22ի առաւօտուն, առաջնորդը պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ եւ ուղղեց իր պատգամը: Ան նախ ողջունեց հաւատացեալները, որոնց կարգին էին ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչներն ու Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանը, որուն հօրեղբօր՝ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ երկար տարիներու ծառայողներէն Վազգէն Նաճարեանի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Յիսնակի առաջին Կիրակիի այս պատարագին, «գոհունակ ըլլալու յատուկ առիթ ունինք, որովհետեւ արարողութիւնը կը զուգադիպի եկեղեցւոյ շրջափակին ու սրահի բարեզարդման աշխատանքներու լրումին»: Ան նշեց, որ յառաջիկայ 50 օրերը քրիստոնեայ աշխարհին համար առիթ են պատրաստուելու այն մեծ օրուան, երբ պիտի դիմաւորենք Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւը՝ Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդը:
Առաջնորդը նշեց, որ քանի մը օրէն պիտի տօնենք Գոհաբանութեան օրը, որ Աստուծոյ պարգեւներուն համար խրախտապարտ ըլլալու կողքին, մեզի՝ հայերուս կը թելադրէ ազգային պարտականութիւն մը՝ Թելեթոնին ճամբով օժանդակութեան ձեռք երկարել Արցախի մեր հարազատներուն: Սրբազանը ապա նկատել տուաւ, որ կեանքը ապրելու երկու եղանակ ունինք՝ Աստուծոյ թելադրած ճանապարհը եւ աշխարհիկ պահանջներու հետեւիլը: Աշխարհիկին կառչողը իր անձն ու նիւթականը կը դասէ գերիվեր, իսկ երկրորդը հոգեկան արժէքները կը դասէ ամէն բանէ վեր: Ան նշեց, որ մեր նախահայրերն ու սրբազան հայրերը հետեւած են աստուածահաճոյ ուղիին, իրենց կեանքն ու վաստակը նուիրաբերած են Աստուծոյ փառքի ճամբաներուն, մշակած են մեր հաւատքը, մշակոյթն ու ազգային դիմագիծը՝ մեզի աւանդ ձգելով նիւթական ամենամեծ հարստութիւններէն շատ աւելի թանկարժէք հարստութիւններ:
Առաջնորդը գոհունակութիւն արտայայտեց, որ բարեզարդման ծրագիրը յաջողութեամբ իրականացած է եւ ծխական համայնքը այսօր կը տօնէ արդար վաստակին արդիւնքը: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ հոգեւոր հովիւին՝ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանի, հոգաբարձութեան, շինարարական յանձնախումբին եւ հովանաւոր-բարերարներու վաստակին ու ներդրումին մասին. այս յաջողութիւնը արդիւնք է աստուածատուր շնորհներէն ու ժամանակէն եկեղեցւոյ հանուած բաժինին, որ իբրեւ ներդրում արձանագրուեցաւ համայնքի կեանքին մէջ: Ան շեշտեց, որ ծրագիրին ամբողջացումը պէտք է մեկնակէտ ծառայէ նաեւ համայնքի ոգեղէն կեանքի բարեզարդման ու ամրապնդման համար, որպէսզի եկեղեցին դառնայ ծխական այս ընտանիքի հոգեւոր ու բարոյական կեդրոնը՝ ֆիզիքական կառոյց ըլլալու կողքին:

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՄԸՄ-Ի ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ

Իր պատգամի վերջին բաժինով, առաջնորդը նշեց, որ այսօր, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի՝ ի յիշատակ ՀՄԸՄի նուիրեալ ննջեցեալներուն: Ան ընդգծեց, որ յարգանքով պիտի խոնարհինք բոլոր այն ՀՄԸՄականներու յիշատակին, որոնք մեր ժողովուրդի բարօրութիւնն ու ընդհանուրին բարգաւաճումը դասեցին իրենց անձերէն վեր, հոգացին մեր երիտասարդութեան ֆիզիքական, մտային ու հոգեկան կարիքները, եւ այդպիսով՝ իրենց դրոշմը դրին իրերայաջորդ սերունդներու կեանքին վրայ: Ան գնահատեց նաեւ այսօրուան ծառայողները, որոնք բարձր կը պահեն միութեան ջահը: Առաջնորդ սրբազանը յարգանքի յատուկ արտայայտութիւն ունեցաւ ՀՄԸՄի հիմնադիրը նկատուող Շաւարշ Քրիսեանի կեանքին, վաստակին եւ իւրայատուկ ժառանգութեան մասին՝ յիշեցնելով, որ ան մէկն էր Ցեղասպանութեան նահատակներէն: Առաջնորդը իր խօսքը եզրափակեց՝ յորդորելով հաւատացեալները, որ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, ապրին հոգեկան վերակենսաւորում եւ ուխտեն ըլլալ հաւատարիմ հետեւորդները Տիրոջ ուղիին:
Պատարագի արարողութենէն եւ հոգեհանգիստէն ետք, սրբազանն ու ներկաները ուղղուեցան «Ղուկասեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ յատուկ օրհնութեան աղօթք, ապա նաեւ՝ ճաշի հիւրասիրութիւն:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up