«Կորսուած Թռչուններ»ը Կը Ցուցադրուի Կլենտէյլի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/0000lost_birds.jpg)
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23էն սկսեալ, Թուրքիոյ մէջ պատրաստուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող «Կորսուած Թռչուններ» շարժապատկերը կը ցուցադրուի Կլենտէյլի «MGN Five Star Cinema» սրահին մէջ (128 N. Maryland Ave., Glendale, CA 91206):
Արէն Փերտեճիի եւ Էլա Ալիամաքի ֆիլմը պիտի շարունակէ ամէն օր ցուցադրուիլ մինչեւ Նոյեմբեր 29, օրական մէկ անգամ՝ երեկոյեան ժամը 8ին: Տոմսի սակը 25 տոլար է։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: