« Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» .- Համազգայինի «Արաքս» պարախումբի տարեկան 11-րդ ելոյթը
Կիրակի, Նոյեմբեր 1-ին, Տիթրոյթի Պիրմինկհամ շրջանի «Սի Հօլմ» պետական եկրորդական վարժարանի սրահին մէջ, անգամ մը եւս ելոյթ ունենալով, շրջանի «Արաքս» պարախումբը ոգեւորեց ներկայ հանդիսատեսները: Պարու-սոյց Նայիրի Կարապետեանի ղեկավարութեամբ, եւ իր երկու օգնականներ՝ Նայիրի Գայսէրեանի եւ Տիգրան Քալընի մասնակցութեամբ պարախումբը, շուրջ 9 ամիսներէ ի վեր տենդագին աշխատանք կատարելով, պատրաստուեցաւ 11րդ տարեկան ելոյթին.- «Կը Յիշենք Եւ Կը Պահանջենք» խորագրով:
Ելոյթը կը հովանաւորէին՝ Տէր եւ Տիկ. Յակոբ եւ Այտա Տաքէսեանները:
Ներկայ էին գաղութի երեք յարանուանութեանց հոգեւոր, եւ պատուակալ հայրերը, եւ շուրջ հինգ հարիւր մշակութասէր հասարակութիւն մը:
Օրուայ հանդիսավարն էր «Համազգային»ի երկարամեայ ատենապետուհի ընկհ. Հերմինէ Մանուկեան: Ան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք ըսաւ.- «Երբ աշունը բնութային զանազան գոյներով, երբ ծառերն ու տերեւները իրենց գերազանցելի գեղեցկութեամբ հրաժեշտի կը պատրաստուին, նոյն ժամանակ ալ «Համազգային»ի «Արաքս» պարախումբը, իր տոհմիկ եւ ժողովրդային պարերով կը պատրաստուի այսօրուան: Պիտի տեսնէ՛ք թէ աշնանային գեղեցկութեան ու հայկական տոհմիկ տարազներու գոյներու եւ պճնանքի ինչ համընկնութիւն կայ, միակ տարբերութեամբ՝ որ տերեւները կը բաժնուին իրենց արմատներէն ու կը դառնան փոշի, իսկ «Յոյսի, Հրաշքի եւ Արաքս»ի անդամները աւելի զօրացած ու կառչած իրենց ճիւղերուն, արմատներուն, անցեալին, տարուէ տարի աւելի լիցքա-ւորուած կը շարունակեն իրենց պարարուեստի երթը:
Ապա, հանդիսավարուհին, «Համազգային»ի վարչութեան եւ անդամներու կողմէ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Արաքս» պարախումբի ելոյթին հովանաւոր Յակոբ եւ Այտա Տաքէսեաններուն, որոնք՝ տարիներէ ի վեր նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար կը հանդիսանան Համազգայինի կազմակերպած ձեռ-նարկներուն: Նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տէր Հրանդ Քհնյ. Գէորգեանին, եւ հոգաբարձութեան, Հ.Յ.Դաշնակցութեան «Ազատամարտ» կոմիտէութեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Ալէքս-Մարի Մանուկեան» վարժարանի տնօրէնութեան, եւ բոլոր անոնց՝որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նպաստեցին «Արաքս» պարախումբ ելոյթին: Այնուհետեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց «Արաքս» պարախումբի պարուսոյց եւ ղեկավար Նայիրի Կարապետեանին, որ անցնող 11 տարիներուն սիրայօժար, անշահախնդիր նուիրումով ստանձնած էր իրեն վստահուած պարուսոյցի պարտականութիւնը: Նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ տղոց պարերու թէքնիք աշխատանքներու ձեւաւորման, եւ օգնական պարուսոյց՝ Տիգրան Քալընի եւ պարուսոյցի օգնական Նայիրի Գայսէրեանի:
Այս վերջինը, անցնող քանի մը տարիներուն, հայ մշակոյթի հանդէպ իր ցուցաբերած նուիրումին եւ ծառայութեան համար, Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան շրջանի «Համազգային»ի շրջանային վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ՝ 2015ի տարուայ «Օրինակելի Յանձնառարութեան» մրցանակով:
Ձեռնարկին նաեւ մասնակցեցաւ Շիքակոյի «Համազգային»ի «Սարդարապատ» պարախումբը, ներկայացնելով երկու պար:
Հանդիսավարուհի Մանուկեան աւելցուց թէ .-« Իսկապէս «Արաքս» պարախումբի նման պարախումբ մը ունենալը ո՚չ միայն «Համազգային»ի համար հպարտանք է, այլ եւ նաեւ գաղութին: «Արաքս» պարախումը իր յաջող ելոյթներով բաւական երկար ճամբայ կտրած է պարարուետի մարզէն նես, հասնելով նախանձելի մակարդակի: Ասոր վկայ՝ անցեալ ամիս ստացանք հրաւէր մը՝ Քլիվլէնտ քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւէն եւ հոգաբարձութենէն: Ընդառաջեցին հրաւէրը, եւ «Արաքս» պարախումբի երեց պարողներէն խումբ մը, մեկնեցան Քլիվլէնտ, եւ քանի մը պարերով ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ կացմակերպած հայկական տօնավաճառին, խանդավառեցին եւ ոգեւորեցին ոչ միայն հայ մշակոյթին ծառաւ հայ հասարակութիւնը, այլ նաեւ, ներկայ գտնուող օտար հասարակութիւնը: Նոյնպէս՝ հրաւէր ստացած ենք Շիքա-կոյի «Համազգային»էն: «Արաքս» պարախումբի երէց անդամները, քանի մը պարերով պիտի մասնակցին «Սարդարապատ» պարախումբի տարեկան ելոյթին: Մանուկեան իր խօսքը փակելէ առաջ, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ հանդիսականներուն, որոնց ներկայութիւնն ու քաջալերանքը կը խրախուսէ եւ յաւելեալ ուժ կը հայթայթէ «Համազգային»ին, աւելի ուժգնութեամբ գաղութի ազգային կեանքէն ներս շարունակելու իր առաքելութիւնը:
Յայտագիրը բաղկացած էր երկու մասէ: Առաջինը՝ նուիրուած հարիւրամեակին, իսկ երկրորդը՝ յետ եղեռնեան վերընձղման, յաղթանակին ու պահանջատիրութեան:
Յայտագիրը ընթաց առաւ «Հայաստան, Ուր Ես Աստուած, Տէր Ողորմեա» խորհրդաւոր պարերու յաջորդականութեամբ՝ նուրիուած հարիւրամեակին: «Կը Յիշենք Եւ Կը Պահանջենք» լոզունքով բծախնդրօրէն պատրաստուած յայտագիրը՝ կ՚ընդգրկէր հարենասիրական, տոհմիկ, ժողովրդական եւ ազգագրական պարեր եւ խմբապարեր, որոնք իրենց աւարտին հասան «Իմ Անունս Հայաստան Է», «Յոյսի, Հրաշքի եւ Արաքսի» պարախումբի 130 անդամներ ազգագրական տոհմիկ տարազներով, եռագոյն դրօշը մէջքերնին կապած, համաչափ ոտքի զարկով եւ բռունցքի ներդաշնակ շարժումով բեմը թնդացուցին, խանդավառելով հանդիսատեսները:
Երկրորդ բաժինով, պարողները հանդիսատեսը փոխադրեցին բռնագրաւուած արեւմտեան Հայաստան, եւ Կիլիկիա, «Մշոյ Դաշտ» «Սասուն» «Շիրակ», ազգագրական, յաղթանակի եւ ուրախութեան պարերով….: Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Մենք Ենք Մեր Սարերը», «Յոյսի, Հրաշքի եւ Արաքս» պարախումբերու փոքրիկներ, պատանիներ, պարման պարմանուհիներու խմբային պարով դրսեւորեցին, որ իրենք թոռներն ու ծորերն են եղեռնէն վերընձիւղուած սերունդին:
Իսկապէս յուզիչ, հպարտանք եւ խրախուսիչ է բեմին վրայ տեսնել հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու այս օտար միջավայրին մէջ, «Համազգային»ի մոգական մականին ներքեւ, բեմին վրայ համախմբուած տեսնել ամերիկածին երեք տարիքի պատկանող հայ աղջիկներ ու տղաք, որոնք եռագոյն դրօշին հովանիին ներքեւ նրբահիւս, ոսկեթել, վառվռուն, առանձնայատուկ, հայկական տոհմիկ եւ ազգագրական գունագեղ տարազներով, աշնանային տերեւներու գեղեցկութեամբ զարդարեցին բեմը:
Պարողները հպարտութեամբ եւ ապրումով պարեցին 25 պարեր եւ խմբապարեր, ոգեւորեցին ներկայ հանդիսականները արժանանալով ծափողջոյններու եւ «Ապրիք»ներու:
Պարուսոյց Նայիրի Կարապետեան եւ իր երկու օգնական պարուսոյցները, համբերութեամբ եւ հեզութեամբ, կրցած էին մատղաշ սերունդի պատանիներ ներգրաւել, եւ հայ պարի ոլորտները սիրելի դարձնել, որուն համար, ծնողները անհունօրէն երախտապարտ են:
«Արաքս» պարախումբի 11-րդ տարեկան ելոյթին ներկայ գտնուող գաղութի մշակութասէր հանդիսականներուն մտքին ու հոգիին մէջ երկար ատեն դրոշմուած պիտի մնայ:
Համազգայինի «Արաքս» պարախումբի գեղեցիկ ելոյթին առիթով, կը շնորհաւորենք Համազգայինի վարչութիւնը, անդամները, պարուսոյցները եւ յատկապէս «Յոյսի, Հրաշքի եւ Արաքս» խումբերու պարողները, վստահ ենք որ յառաջիկային ալ Համազգայինի հովանիին ներքեւ, երեք տարիքային դասակարգի պատկանող «Արաքս» պարախումբը ուռճացած նոր պարերով, նոյն խանդավառութեամբ եւ աւելի բծախնդրութեամբ շարունակէ հմայել եւ ոգեւորել իր երկրպագուները, որպէսզի առիթ ունենանք վայելելու պարարուեստը, բեմին վրայ, շնորհիւ ղեկավար պարուսոյցի եւ իր երկու օգնականներուն կարողութեան եւ յարատեւութեան:
Անդրանիկ Գարատօլեան