Ատրպէյճանը ԼՂՀ այցելած Վարդան Սիրմաքեսի նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարած է

Պաքուի Նարիմանովի շրջանային դատարանը Զուիցերիոյ քաղաքացի Վարդան Սիրմաքեսին ձերբակալելու որոշում կայացուցած է: Անոր ձերբակալելու համար ատրպէյճանական կողմը դիմած է Ինթերփոլ:
contact.az-ի փոխանցմամբ` Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը դիմած էր Զուիցերիոյ` այդ երկրի քաղաքացի Վարդան Սիրմաքեսին քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու պահանջով, քանի որ վերջինս, առանց Ատրպէյճանի թոյլտուութեան, այցելած է Լեռնային Ղարաբաղ եւ այնտեղ «ապօրինի գործունէութիւն» ծաւալած, կը գրէ Արցախփրէսը:
Սիիրմաքես, ըլլալով Franck Muller Group ընկերութեան գործադիր տնօրէնը, իր կողմէ ստեղծուած խումբով ձեռնարկատիրական գործունէութիւն իրականացուցած է Ղարաբաղի մէջ:
Բացի այդ, Պաքուն Սիրմաքեսին կը մեղադրէ միջազգային մակարդակով «անօրինական վարչակարքի» քարոզչութիւնը ընելու, «սահմանը ապօրինի հատելու» համար: