Աչքի մը պէս պարզ, բայց աչքի մը պէս խորիմաստ են Զահրատի ստեղծագործութիւնները

Զահրատ (Զարէհ Եալտըզեան) 

Լրագրող, խմբագիր, բանաստեղծ, արձակագիր, հասարակական գործիչ Զահրատի «Մեծ քաղաք» (1943թ.), «Գունաւոր Սահմաններ» (1968թ.), «Բարի երկինք» (1971թ.), «Բանաստեղծութիւններ» (1971թ.) ժողովածուները եւ այլ գործեր թերեւս առաւել քաջածանօթ էին սփիւռքահայութեան, սակայն մեզմէ ալ, դեռեւս 80-ականներուն, բեմերէն, ռատիոյով եւ հեռուստատեսութեամբ կը լսուէին տաղանդաւոր գրողի շատ ինքնատիպ ստեղծագործութիւնները: Զահրատ իր գրիչով դարձաւ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն յետոյ սփիւռքահայ գրականութեան զարգացման նուիրեալներէն մէկը: Պոլսահայ գրողներու  աստղաբոյլ մը կը ձեւաւորուի այդ տարիներուն, նոր սերունդ մը, որ նոր որակ կը բերէ յետ պատերազմեան գրական աշխարհ` հարստացնելով այն բազմազանութեամբ, ըսելիքի նորութեամբ ու թարմութեամբ:

… Վահրամ Մաւեան, Գառնիկ Ադդարեան, Զարէհ Խրախունի, Զահրատ եւ ուրիշներ, կը  ստեղծեն արժէքաւոր  գրականութիւն մը` ժամանակին հարիր շունչով ու ոգով: Գրողներու այդ աստղաբոյլին մէջ Զահրատը բոլորովին կը տարբերէր իր ստեղծագործական ուրոյն ոճով. անոր աշխարհը` լեցուն տխրութեան, կատակի, ափսոսանքի, տագնապի, լոյսի ու յոյսի, սիրոյ ելեւէջումներով, նախ` կը թուի շատ առօրէական, յետոյ, երբ կ’ընկմղիս  այդ աշխարհին մէջ, քեզի կը պարուրէ  խորախորհուրդ խոհափիլիսոփայութիւն մը: Անոր հերոսը` Կիկոն, մեզի կը հանդիպի ամէնուր` իր ուրոյն տիպարով, որ խմբագիր Երուանդ Ազատեանի բնորոշմամբ «Չափլինեան տիպար է, իր միամտութեան մէջ փիլիսոփայ եւ իր փիլիսոփաութեան մէջ` միամիտ», ըսած է թէ` նախաստեղծ մաքրութեամբ ու պարզութեամբ:

Կիկոյի միտքը ման կ’ուգայ քաղաքէ քաղաք

– Կիկօ աշխարհի մասին կը խորհի –  

Կիկոյի միտքը կը սաւառնի մոլորակէ մոլորակ

– Կիկօ կը մտածէ արեգակնային դրութեան վրայ-

Կիկոյի միտքը կը ճախրէ աստղէ աստղ

– Կիկօ տիեզերք մը կ’երեւակայէ…

Հէնց կիկոյական այս պարզութեան մէջ է Զահրատի բանաստեղծութեան խորքն ու ողջ հմայքը. երեք տող, թէ` մէկ բառ, միեւնոյնն է, ամէն ինչ ըսուած է:

Մի՛ լար, լոյս, մի լար,

Երկինքէն ինկողը չի լար:

Մի լար, թէ աղքատի տուն ինկար,

Գլխու վրայ է տեղդ:

Մի՛ լար, լոյս, մի լար,

Գետնայարկ չինկող լոյսերը թող լան:

Ահա թէ ինչ գրած է Ռոպեր Հատտէճեան Զահրատի մասին. «Զահրատ իսկական պոէմ մըն է, եթէ ոչ կեանքի մէջ, անպայման բանաստեղծութեան մէջ: Ան կը շրջի սրտէ սիրտ, սէրէ սէր, երգէ երգ, լարէ լար եւ ձեռք կու տայ բոլոր անոնց, որոնք գիտեն կեանքի իրականութիւններուն նայիլ երազի մը ընդմէջէն… Զահրատ բառ գործածելու վարպետ մըն է: Ան իսկապէս մեծ վարպետութեամբ իր մօտ կը կանչէ հայոց լեզուի բառերը»:

Զահրատ իր քաղաքին, իր ապրած թաղին, իր ապրած դարուն, կեանքի բանաստեղծն է:

Ինչ դժուար է, երբ մարդ ձեռքը աղերսագիր մը ունի

Ու չի գիտեր որու՞ յղէ, որու՞ տայ:

Փողոց-փողոց կամ դռնէ դուռ կը պտտի ճարահատ,

Փողոց ընել – դռները գոց երեսին,

Երազ-երազ կամ սիրտէ սիրտ կը դեգերէ շուարուն

Երազը մութ – սրտերը փակ իր սրտին:

Պարոյր Սեւակի մահուան առիթով գրուած այս տողերը կարծես զրոյց է ինքն իրեն հետ.

«Պարո՛յր, մանչս, քանի որ

Նոյն տարիքը ունէինք –

Մանուկ էինք երկուքս ալ –

Խաղը կիսատ թողուցիր –

Չեղաւ՜ ասիկա»:

«Կեանքը ծով մըն է եթէ, նաւակ մը «Զահրատ» անուն, հետք ու յիշատակ թողլով, անցաւ հոնկէ…», – գրած է խմբագիր Սեւան Տէյրիմէնճեան, իսկ Իկնա Սարըասլանի բնորոշմամբ` «Աչքի մը պէս պարզ, բայց աչքի մը պէս խորիմաստ են Զահրատի ստեղծագործութիւնները»:

2007-ին իր մահկանացուն կնքած բանաստեղծի գիրքի վերջին խօսքերն ալ եղան իր ապրելու բանաձեւի ամբողջացումը` «Եկեր եմ, կ’երթամ այսպէս, որուն ինչ…»՞:

Բազմաթիւ շքանշաններու, մետալներու ու մրցանակներու («Քարտինալ Աղաճանեան» շքանշան, «Վահագն» մրցանակ, ՀԲԸՄ-ի Ալէք Մանուկեանի մշակութային հիմնադրամի մրցանակ, «Ս. Սահակ», «Ս. Մեսրոպ» շքանշաններ, ՀՀ «Մովսէս Խորենացի» պետական շքանշան, World Congress Of Poetry-ի «Դափնեկիր բանաստեղծ» տիտղոս եւ այլն) արժանացած գրողը թերեւս ամէնէն շատ կը հպարտանար Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» մետալով: Անոր մահէն յետոյ «Բառ բառի քով» լոյս ընծայուած ընտրանին կ’ընդգրկէ Զահրատի ժողովածուներու լաւագոյն էջերը, որոնք 2007 թուականին հրատարակած է «Նայիրի» հրատարակչութիւնը: Անոր 8 անտիպ ժողովածուները գրողի նուիրեալ կնոջ` տիկին Անայիսի հոգածութեամբ լոյս աշխարհ եկան` ի ուրախութիւն Զահրատի բանաստեղծութեան, արձակ էջերու երկրպագուներուն: Անոր բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են 27 լեզուներով: Զահրատ արժանացած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա-ի սրբատառ կոնդակին… Արժէքաւոր գործերով ու գործունէութեամբ ապրած այս արժանաւոր հայորդիին, օրերս, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնն ու Հայաստանի գրողներու միութիւնը արժանին մատուցեցին` նշելով անոր 90-ամեայ յոբելեանը Գրողներու միութեան դահլիճէն ներս, ուր պոլսահայ ասմունքող Սիլվա Կոմիկեանի կատարմամբ հնչեցին Զահրատի բանաստեղծութիւնները, այդ բանաստեղծութիւններու հիման վրայ գրուած երգերը եւ մեր ճանչցուած մտաւորականներու ու գրողներու ջերմ ելոյթները: Մէկ անգամ եւս հաստատուեցաւ յայտնի այն ճշմարտութիւնը, որ գրողը կ’ապրի այնքան, որքան` իր գործերը:

Կարինէ Աւագեան 

0102 03 04

Scroll Up