ՌՀՄ-ն 100 հազարական ռուպլի տրամադրած է վթարէն զոհուած ուղեւորներու ընտանիքներուն

Ռուսաստանի հայերու միութիւնը 100 հազարական ռուպլի տրամադրած է Թուլայի մէջ հայկական հանրակառքի վթարէն զոհուած 8 ուղեւորներու հարազատներուն: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին յայտնեցին ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպանատունէն:
Անոնց փոխանցմամբ` հայկական համայնքը 50 հազարական ռուպլի տրամադրած է նաեւ վթարէն տուժած ուղեւորներուն:
Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էր NEWS.am-ը, Նոյեմբեր 3-ի գիշերը Մոսկուա-Երեւան հանրակառքի վթարի հետեւանքով քանի մը տասնեակ մարդ տուժած է, ութ մարդ մահացած :
Վթարին հետ կապուած քրէական գործ յարուցուած է «Ճանապարհային երթեւեկութեան եւ փոխադրամիջոցներու շահագործման կանոններու խախտում» յօդուածով: Համանման քրէական գործ յարուցուած է նաեւ Հայաստանի մէջ: Նախնական տուեալներու համաձայն, վարորդը ղեկին մօտ քնացած է:
Գառնիկ Յարութիւնեանը կալանաւորուած է: