Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած գրական-երաժշտական երեկոյ` Նոր Ջուղայի մէջ

Նոր Ջուղայի «Հայուհեաց» բարեգործական ընկերութեան նախաձեռնութեամբ, ուրբաթ` Հոկտեմբեր 30-ի երեկոյեան, Ն. Ջ. Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան սրահին մէջ, կազմակերպուած էր գրական երաժշտական երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Երեկոյին ներկայ էին Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Բաբգէն արք. Չարեան, Շահինշահրի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ Տ. Անանիա Վրդ. Գուջանեան, քահանայից դասը, ազգային մարմիններու, հայոց ազգ. դպրոցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Շահինշահրի ու Նոր Ջուղայի հայ համայնքներու անդամներ:
Ծրագիրի սկիզբը բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ «Հայուհեաց» բարեգործական ընկերութեան «Փարոս» ասմունքի խումբի ղեկավար դոկտ. Սիլվա Ալլահուերտեան, որ բարիգալստեան խօսք ուղղելով ներկաներուն` իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ բարեգործական ընկերութեան վաղեմի երազանքը` գրական-երաժշտական երեկոյ կազմակերպելու կապակցութեամբ, իրականացուած է 2015 թուականին` նուիրուած ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ եւ յատկապէս` Հոկտեմբերին` հայ մշակոյթի ամսուն: Ան իր խօսքի շարունակութեան մէջ ընգծելով, որ 2015 թուականը բոլորիս համար ծանր, բարդ եւ շատ պատասխանատու տարի է, աւելցուց, որ հայ ազգը ամբողջովին, մէկ անձի նման համախմբուած է Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը լաւագոյնս ոգեկոչելու ուղղութեամբ, որպէսզի կարենայ բազմաթիւ ձեռնարկներու, ցուցահանդէսներու ու ծրագիրներու միջոցով ի լուր աշխարհին յիշեցնէ, որ կը պահանջէ եւ տէրն է իր արդար իրաւունքին:
Բացման խօսքին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիրով ծրագիրը, որ արգասիքն էր բարեգործական ընկերութեան «Փարոս» ասմունքի խումբի եւ Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Տաթեւ» երգչախումբի համատեղ աշխատանքին: Գեղարուեստական ծրագիրը բաղկացած էր հինգ բաժիններէ` իւրաքանչիւր բաժին առանձնաբար նուիրուած ըլլալով Սիլվա Կապուտիկեան, Համօ Սահեան, Եղիշէ Չարենց, Գէորգ Էմին եւ Վահան Տէրեան անուանի բանաստեղծներէն մէկուն: Նշուած բաժինները ողողուած էին պատկան հեղինակի բանաստեղծութիւններու ասմունքներով, ինչու չէ` նաեւ անուանի երաժիշտներու միջոցով երաժշտութեամբ մշակուած ստեղծագործութիւններով եւ պաստառի վրայ ցուցադրուող համահունչ պատկերներով:
Ծրագիրի ասմունքները իրագործուեցան ընկերութեան «Փարոս» ասմունքի խումբի անդամուհիներ` Վանիա Պետրոսեանի, Նարեկա Սիմոնեանի, Վանա Զոհրաբեանի, Վեհանոյշ Խուտաբախշեանի, Մեղրի Կարապետեանի եւ Վանէ Շահնազարեանի միջոցով` ղեկավարութեամբ դոկտ. Սիլվա Ալլահուերտեանի, իսկ խմբական երգերը կատարեց Ս. Ա. Վանքի «Տաթեւ» երգչախումբը` խմբավար-դաշնակահար Համիկ Ալեքսանտրեանի ղեկավարութեամբ:
Ընթացքին հնչեցին նաեւ երգերու մենակատրումներ նոյն երգչախումբի մենակատարներ` Անասիկ Յովսէփեանի եւ Արսինէ Մարգարեանի, ինչպէս նաեւ մայեսթրօ Համիկ Ալեքսանդրեանի միջոցով, իսկ մէկ զուգերգով հանդէս եկան` Լալա Ալեքսանդրեանն ու Փարելի Թահմազեանը:
Վերջաւորութեան ընկերութեան անունէն անդամուհի Վեհանոյշ Խուտապախշեան շնորհակալական խօսք ուղղեց մասնակիցներուն եւ հանդիսատեսին, ապա ձեռամբ առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ն. Ջ. «Հայուհեաց» բարեգործական ընկերութեան վարչութեան նախագահ Սանտրա Խաչատրեանի եւ փոխնախագահ Ժենետ Դաւթեանի, գնահատագիրներ շնորհուեցան «Տաթեւ» երգչախումբի ղեկավար Համիկ Ալեքսանտրեանին, «Փարոս» ասմունքի խումբի ղեկավար դոկտ. Սիլվա Ալլահուերտեանին, ձեռնարկին տպագրական աշխատանքներու գծագրող եւ ձեւաւորող Արփինէ Յովսէփեանին եւ «Փարոս» ասմունքի խումբի անդամուհիներուն:
Ծրագիրը աւարտեց առաջնորդ Սրբազան Հօր հայրական պատգամով: Տ. Բաբգէն արք. Չարեան սկիզբը գնահատեց հայ մշակոյթի ամսուան վերջալոյսին կազմակերպուած գրական-երաժշտական երեկոյի ծրագիրը, առ այն, որ ձեռնարկը հանդիսատեսին հաղորդակից դարձուց հայ անմահ բանաստեղծներուն, մտաւորականներուն եւ երաժիշտներուն: Ան գնահատանքի խօսք ուղղեց նաեւ Բարեգործական ընկերութեան եւ երեկոյի դերակատարներուն, որոնք զարկ տալով դաստիարակչական աշխատանքներուն, նոր սերունդին մէջ սէր ու ոգի կ’արթնցնեն հայկական արժէքներու նկատմամբ:
Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ծրագիրը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ըլլալու կապակցութեամբ եւ նշեց. «Նման ձեռնարկներ կը փաստեն, թէ որքան ալ թշնամին փորձէ ոչնչացնել հայ ազգը, հայ լեզուն եւ հայկական դարաւոր մշակոյթը, պիտի չի յաջողի ան: Եւ այսօրուան ձեռնարկը ատոր վառ ապացոյցն է: Այն կը փաստէ, որ մենք պիտի գոյատեւենք` որպէս ազգ եւ մեր մշակոյթը պիտի շարունակէ ծաղկիլ` իր արուեստի հանճարներու շնորհիւ»:
«Ալիք» օրաթերթի թղթակից (Նոր Ջուղա)
Լուսանկարիչ` Գեւիկ Խաչատրեան