Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Փոխանորդը
Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքի պատրիարքական փոխանորդ` Փոլ արք. Սայեահը:
Արքեպիսկոպոս Սայեահ Ռայի պատրիարքին կողմէ յատուկ առաքելութեամբ վեհափառ հայրապետին այցելած էր Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի առնչուած կարգ մը միջեկեղեցական ու քաղաքական հարցերէ տեղեակ պահելու վեհափառը եւ ունենալու իր տեսակէտը:
Վեհափառ հայրապետը այս առիթով շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներուն գործակցութիւնը` յատկապէս ընդհանրական բնոյթ ունեցող խնդիրներու շուրջ: Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցաւ յառաջիկայ շաբաթ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին Գործադիր վարչութեան ժողովին օրակարգը: