Հայ Դատի Խորհրդաժողովը Խանդավառեց Հայ Դատին Համար Պայքարող Հարիւրաւորներ

ՍԵՆՉԸՐԻ ՍԻԹԻ, Քալիֆորնիա.- Հոկտեմբեր 23-24ին, աւելի քան 600 հայորդիներ, համայնքային ղեկավարներ, մտաւորականներ եւ Հայ Դատի գործիչներ մասնակցեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած Հայ Դատի 3րդ խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ «Հայաթ Ռիճընսի Սենչըրի Փլազա» պանդոկին մէջ։
Խորհրդաժողովը առիթ հանդիսացաւ օրէնքի մասնագէտներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ գործիչներու, ինչպէս նաեւ՝ վերլուծաբաններու, քննարկելու համար Հայ Դատի տարբեր երեսները եւ ապագայ նախաձեռնութիւնները:
Ուրբաթ երեկոյեան, Հայ Դատի երկօրեայ խորհրդաժողովին բացումը կատարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանը, որ թուարկելէ ետք Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին իրագործումներն ու նախաձեռնութիւնները՝ նշեց, որ այս խորհրդաժողովին նպատակն է միջոցներ գտնել՝ հայութեան պահանջատիրական ձայնը աւելի ազդու դարձնելու համար։
Պահ մը «Շաէժապատկեր եւ Արուեստներ» քննարկումէն
Ապա, կազմակերպիչ յանձնախումբէն Նորա Եագուպեան ներկայացուց խորհրդաժողովի «Շարժապատկեր Եւ Արուեստներ» խորագրեալ քննարկումին մասնակիցները՝ դերասան եւ հեղինակ Էրիք Պօղոսեան ու անոր հետ զրուցող թատերագիր եւ իրաւաբան Արամ Գույումճեան։
Քննարկման ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան «Նեմեսիս» գործողութեան մասին հեղինակուած «Operation Nemesis: The Assassination Plot that Avenged the Armenian Genocide» հատորը եւ զայն պատրաստելու գործընթացը: Պօղոսեան դրուատեց յատկապէս Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով իր տարած աշխատանքին համար։
Նշենք, որ Կիրակի օր կայացած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, Էրիք Պօղոսեանին շնորհուեցաւ «Արուեստներ» մրցանակը, Հայ Դատին ի նպաստ անոր տարած աշխատանքին համար։
Ապա, խորհրդաժողովի մասնակիցներուն ի պատիւ հաւաք մը տեղի ունեցաւ պանդոկի «Ալիմփիա» սրահին մէջ։
Նախքան Շաբաթ օրուան առաջին քննարկումը, խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ իրաւաբան Այգ Տիքիճեան ներկայացուց քննարկման մասնակիցները, որոնցմէ մէկն էր կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Նուշիկ Քարբանեանը։ Ան բացատրեց, թէ «Արեւմտեան Հայաստան Եւ Ծածուկ Հայեր» խորագրուած այս քննարկումին նպատակն է քննել Ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած ու 7 միլիոն հաշուող սփիւռքահայերուն, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող իսլամացուած հայերուն վիճակը։
Խանդավառ պահ մը «Արշաւ՝ Արդարութեան Համար» քննարկումէն
Քննարկումին մասնակցեցան գրող, ճարտարագէտ եւ ֆիլմ արտադրող Արիս Նալճը, ծածուկ հայերու մասին շարք մը ուսումնասիրութիւններ կատարած Ճորճ Աղաճանեան եւ Ռաֆֆի Պետրոսեան։ Համադրումը կատարեց Հայաստանի եւ Արցախի մասին ճամբորդական ուղեցոյց պատրաստած հեղինակ, լուսանկարիչ եւ իրաւաբան Մեթիու Քարանեան: Վերջինս նաեւ ցուցադրեց Արեւմտեան Հայաստանէն իր տպաւորիչ լուսանկարներէն նմոյշներ։
Մինչ Նալճը շեշտեց, թէ Ցեղասպանութիւնը բացայայտ իրողութիւն է Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ եւ թէ շատեր յանցաւոր կը զգան անոր համար, Աղաճանեան եւ Պետրոսեան շեշտը դրին իսլամացուած հայերուն նեցուկ կանգնելու կարեւորութեան վրայ։
Օրուան երկրորդ՝ «Արշաւ՝ Արդարութեան Համար» խորագրուած քննարկումը կեդրոնացաւ անցած Ապրիլ 24ի՝ 166,000 հոգինոց «Արդարութեան Քայլարշաւ»ին, նաեւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով իրականացուած այլ ձեռնարկներու եւ Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանութեան նպատակով առնուած քայլերուն վրայ։
Քննարկումին համադրումը կատարեց խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ եւ «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան, իսկ համադրումին մասնակցեցան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան։
Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն թիւը առաւելագոյնին հասաւ Շաբաթ օրուան երրորդ քննարկումին։ «Վնասուց Հատուցման Ուղին» խորագրուած այս քննարկումին ընթացքին, իրաւաբան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Ճեֆրի Ռապըրթսընին հետ հանրային զրոյց մը ունեցաւ Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութեան անդամ ու վնասուց հատուցման հարցերու մասնագէտ իրաւաբան Գառնիկ Գրիգորեան։ Քննարկումին համադրողն էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ իրաւաբան Սթիւ Տէտէեան, իսկ քննարկումի համահովանաւորողն էր Հայ իրաւաբանական միութիւնը: Անոր մասնակիցները ներկայացուեցան կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Նորա Տէմիրճեանի կողմէ, որ նաեւ խօսեցաւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող Տողու Փերինչեքի «Փերինչեք՝ ընդդէմ Զուիցերիա» դատավարութեան մասին, որուն ընթացքին հայկական կողմը ներկայացնողներէն մէկն էր Ռապըրթսըն:
Գառնիկ Գրիգորեան շեշտեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան վնասուց հատուցում ապահովելու ջանքերը պէտք է կատարուին համայն հայութեան անունով, իսկ Ռապըրթսըն մանրամասնութիւններ տուաւ «Փերինչեք՝ ընդդէմ Զուիցերիա» դատավարութեան մասին՝ նշելով, որ վերջնական վճիռին մէջ հայութեան ի նպաստ շարք մը կէտեր կային։ Ան նաեւ խօսեցաւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման արդար իրաւունքին մասին։
«Արեւմտեան Հայաստան եւ Ծածուկ Հայեր» քննարկումի մասնակիցները
Նշենք, որ Կիրակի օրուան Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, Ճեֆրի Ռապըրթսընին շնորհուեցաւ «Արդարութեան æատագով» մրցանակը, որուն արժանացաւ նաեւ Ամալ Քլունին, որ նմանապէս հայկական կողմը ներկայացուց «Փերինչեք՝ ընդդէմ Զուիցերիա» դատավարութեան ընթացքին։
Հայ Դատի խորհրդաժողովին «Հայերն Ու Քաղաքականութիւնը» խորագրեալ քննարկումին ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երէմեան ներկայացուց մասնակիցները՝ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ եւ քոնկրեսական ընտրութեանց թեկնածու Խաչօ Աշաճեան եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան։ Համադրողն էր Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար եւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի ընտրութեանց թեկնածու Արտաշէս Քասախեան։ Ընթացքին քննուեցաւ քաղաքական կեանքին մէջ աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն բերելու կարեւորութիւնը, միաժամանակ լուսարձակի տակ առնուեցաւ վերջին տասնամեակներուն իրականցուած յատկանշական յառաջդիմութիւնը։
Իսկ վերջին քննարկումը նուիրուած էր Հայ Դատի քարոզչութեան համար նորարարական միջոցներ որդեգրելու կարեւորութեան։ Մասնակիցները ներկայացուեցան կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Ճոզէֆ Քասաքեանի կողմէ, իսկ մասնակիցներն էին՝ փրոֆ. Փօլ վոն Պլում, լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆէնքճեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, իսկ համադրողն էր՝ Հայ Դատի գործիչ եւ հաղորդակցութեանց մարզի մասնագէտ դոկտ. Լուսիկ Դանիէլեան։
Նշենք, որ խորհրդաժողովին ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆէնքճեանի՝ «There is Only the Earth: Images from The Armenian Diaspora Project» հատորէն լուսանկարներ։ Հատորը նուիրուած է հայկական Սփիւռքին։
Խորհրդաժողովի փակման խօսքը արտասանեց կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ Արա Խաչատրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպիչներուն, մասնակիցներուն եւ ներկաներուն, որոնք ապահովեցին այս նախաձեռնութեան յաջողութիւնը։ Ապա, ներկաները ընկերային հաճելի պահեր ունեցան՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արհեստավարժներու ցանցին կազմակերպած հաւաքոյթին մասնակցելով։
Նշենք, որ քննարկումի բոլոր մասնակիցները ստացան Մալխասի «Զարթօնք»ին անգլերէն թարգմանութենէն օրինակներ՝ նուիրուած «Սարդարապատ» գրատան կողմէ, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրի ներկայացումէն լուսանկար մը՝ նուիրուած Սերոբ եւ Արշօ Պէյլերեաններուն կողմէ։
Խորհրդաժողովի հովանաւորներն էին՝ «Closet World»էն տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, որոնք նաեւ ստանձնած էին Կիրակի օրուան Հայ Դատի ձեռնարկին հովանաւորութիւնը։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: