Վանաձորի մէջ «Թումօ» կեդրոն պիտի գործէ

2016 թուականին Վանաձորի մէջ պիտի բացուի «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի մասնաճիւղ:
Մետիամաքս-ի փոխանցմամբ` այդ մասին ըսած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան` Հոկտեմբեր 20-ին Լոռի մարզի ղեկավարութեան հետ ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ:
Նախագահը ըսած է, որ յաջորդ տարի Վանաձորի մէջ շահագործման պիտի յանձնուի
արհեստագիտութիւններու կեդրոնը, որ պիտի նպաստէ գիտատար եւ առաջաւոր նախաձեռնութիւններու իրագործման:
«Դրա հետ զուգահեռ պէտք է լուծենք նաեւ Վանաձորում «Թումօ» կենտրոնի մասնաճիւղի գործունէութեան խնդիրը: Բոլոր պարագաներում, «Սիմոնեան կրթական հիմնադրամ»-ը 2016թ. ունենալու է նաեւ «Թումօ» կենտրոնի մասնաճիւղ Վանաձորում: Բարերարի հետ ես արդէն խօսել եմ` կան մարդիկ, ովքեր այդ ծախսերն իրենց վրայ են վերցնելու, եւ ոչ միայն Վանաձորի, այլեւ Լոռու մարզի այլ բնակավայրերի երեխաները հնարաւորութիւն են ունենալու փորձարկել իրենց ունակութիւնները նաեւ այդ ոլորտում», – ըսած է Սերժ Սարգսեան: