Հակառակորդի Նախայարձակ Գործողութիւնները Լռեցուած են

Հոկտեմբեր 12-ին եւ լոյս 13-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 150 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 /13/ եւ 82 մմ-ոց ականանետերէ /17 արկ/, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 2500 կրակոց:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցումով` պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ստորաբաժանումներուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք` հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւնները լռեցուած են: