Ատրպէյճանը չի ժխտեր ԵՏՄ-ին իր անդամակցութեան հնարաւորութիւնը

Ատրպէյճանը չի ժխտեր ԵՏՄ-ին իր անդամակցութեան հնարաւորութիւնը: Այս մասին ըստ News.am-ի` Նիւ Եորքի մէջ Sputnik գործակալութիւնը յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամեդեարովը:
“Երբեք մի ըսէք` երբեք”,-համապատասխան հարցին ի պատասխան ըսած է Մամեդեարովը եւ յստակացուցած, որ ներկայիս իր երկիրը կեդրոնացած է Եւրասիական պլոկի երկիրներու հետ “Մեծ թիւով երկկողմ յարաբերութիւններ կառուցելու” վրայ:
Ինչպէս կը նշէ “Ռիա Նովոսթին”, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարբաեւը աւելի վաղ յայտնած էր, որ Ատրպէյճանը, Իրանը, Հնդկաստանն ու Մոնղոլիան կը քննարկեն ԵՏՄ-ի հետ համագործակցելու հնարաւորութիւնը, իսկ Թուրքիան ցանկութիւն յայտնած է ԵՏՄ-ի հետ առեւտրային համաձայնագիր ստորագրել:
Ներկայիս ԵՏՄ կազմի մէջ են Ռուսիան, Պելառուսը, Հայաստանը, Ղազախստանն ու Ղրղզստանը: