Պառաւաքարի Մէջ Խաղաղ Բնակիչ Մը Վիրաւորուած Է

Տաւուշի մարզին մէջ երէկ` Սեպտեմբեր 28-ին, հակառակորդին կրակոցէն խաղաղ բնակիչ մը վիրաւորուած է:
Պառաւաքարի գիւղապետ Ռոլանդ Մարգարեանը NEWS.am-ին յայտնած է, որ 38-ամեայ տղամարդը վիրաւորուած է խաղողի այգիներու մէջ աշխատելու ընթացքին:
«Նա տեղափոխուել է հիւանդանոց, վիճակը կայուն է»,- ըսած է գիւղապետը:
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 24-ին ալ հակառակորդին գնդակոծութեան հետեւանքով Տաւուշի մարզին մէջ 3 խաղաղ բնակիչ զոհուած էր, 4-ը` վիրաւորուած: