Ի Յիշատակ Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Լիբանանահայ Նահատակներուն. Լիբանանահայ Երեք Յարանուանութիւններու Եկեղեցիներուն Մէջ Տեղի Ունեցան Հոգեհանգստեան Պաշտօններ

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին առիթով, ի յիշատակ լիբանանահայ նահատակներուն, երէկ` կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2015-ին, Լիբանանի հայ առաքելական, հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան հոգեհանգստեան արարողութիւններ եւ պաշտամունք:
Արարողութիւններուն մասնակից հոգեւորականները իրենց պատգամներուն մէջ շեշտեցին, որ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին մեր նահատակները մեր թաղերուն տէր կանգնեցան ու իրենց արեամբ պահպանեցին լիբանանահայութեան իրաւունքները: Անոնք յայտնեցին, որ ազգին համար նահատակութիւնը գերագոյն զոհաբերութիւնն է, եւ նահատակներուն յարգանք մատուցելը իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է: