Յարութ Սասունեան. Ատրպէյճանի իւրաքանչիւր կրակոցէն յետոյ հայկական կողմը պէտք է դադրեցնէ բանակցութիւնները

Ամէն անգամ, երբ ատրպէյճանական կողմը կը կրակէ, հայկական կողմը պէտք է որոշ ժամանակով սառեցնէ ղարաբաղեան խնդիրի շուրջ բանակցութիւնները: Այս մասին NEWS.am –ի թղթակիցին հետ զրոյցին յայտարարեց հայկական ծագում ունեցող ամերիկեան հրապարակախօս, «Քալիֆորնիա քուրյէր» ամերիկեան թերթի խմբագիր Յարութ Սասունեան:
Ատրպէյճանական կողմը, անոր խօսքով, լկտի քայլեր կ’ընէ: «Անոնք կը կրակեն մեր խաղաղ բնակիչներուն վրայ, ու մենք ժամանակ առ ժամանակ կը պատասխանենք անոնց կրակոցներուն: Այսպէս շարունակել չի կարելի: Կամ անոնց կրակոցներու պարագային մենք պէտք է հարիւրապատիկ շատ կրակ բանանք, որ վատ է եւ կը յանգեցնէ լարուածութեան ուժգնացման, կամ ալ կ’առաջարկեմ պետական ամենաբարձր մակարդակով յայտարարել, որ մենք չենք կրնար բանակցիլ ու միաժամանակ պատերազմիլ: Մենք կամ պէտք է բանակցինք, կամ պատերազմինք»,-շեշտեց Յարութ Սասունեան: Հայաստանի ղեկավարութիւնը, կ’առաջարկէ ան, պէտք է յայտարարէ. «Յաջորդ անգամ, երբ ատրպէյճանցիները կը կրակեն, մենք կը սառեցնենք բանակցութիւնները օրինակ երեք ամիսով»:
«Եթէ ատրպէյճանական կողմը շարունակէ կրակել, ապա բանակցութիւնները կը սառեցնենք մէկ տարիով, երկու տարիով: Բանակցութիւններու սառեցումէն ատրպէյճանցիները պիտի տուժեն, քանի որ անոնք մեզմէ ինչ- որ բան կ’ուզեն ստանալ: Իսկ մենք ստանալու որեւէ բան չունինք, մենք արդէն ազատագրած ենք մեր հողերը ու հանգիստ կ’ապրինք այնտեղ: Եթէ անոնք շարունակեն կրակել, մենք կը դադրեցնենք բանակցութիւնները ու անոնք որեւէ բան չեն ստանար»,- նշեց Յարութ Սասունեան, շեշտելով, որ Ատրպէյճան պատրաստ չէ պատերազմի: «Եթէ ատրպէյճանցիները պատրաստ ըլլային պատերազմի, ապա հէնց այսօր կը յարձակէին: Մենք վախնալու բան չունինք: Մենք չենք ըսեր,թէ դէմ ենք բանակցութիւններուն, բայց մենք միջազգային համայնքին կ’ըսենք, որ մեզի համար անընդունելի է բանակցութիւններ վարելն ու միաժամանակ պատերազմիլը»,- ամփոփեց Յարութ Սասունեան:
Աւելի վաղ ԼՂՀ ՊԲ մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած էր, որ Սեպտեմբեր 25-ին` ժամը 17:30-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական զինուժին կողմէ թրքական արտադրութեան TR-107 կայանքներէն հրթիռահրետանային արկակոծման ենթարկուած է ՊԲ-ի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասը, որուն արդիւնքով բեկորային մահացու վիրաւորում ստացած են ՊԲ զինծառայողներ Նորայր Միքայէլի Խաչատրեան (ծնած 1995թ.), Ռոպերթ Սուրէնի Մկրտչեան (ծնած 1995թ.), Յարութ Մաքսիմի Յակոբեան (ծնած 1997թ.) եւ Կարէն Գէորգի Շահինեան (ծնած 1997թ.): Կան վիրաւորներ: