Ձեռքս չէր դողար…

«…Ձեռքս չէր դողար, մատս ձգանին էր: Սպասեցի յարմար պահու, նշան բռնեցի ու կրակեցի…»:
Շարքային ՀԱՅԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Մառախուղ էր, քանի մը մեթր էր տեսանելիութիւնը: Մարտական հերթափոխը կատարուած էր 16:00-ին, եւ արդէն 10-15 վայրկեան սահմանագօտիի տուեալ հատուածի պատասխանատուն ես էի` շարքային Հայկ Յակոբեանս: Առաջին անգամ դիրքեր չէի բարձրանար, իմ ամէն անգամուան պարտականութիւններս կը կատարէի եւ ներքուստ հանգիստ էի: Խրամատի մէջ կանգնած կը մնածէի: Մտքովս հազար ու մէկ բան կ´անցնէր` կրնա՞յ արդեօք հակառակորդը յառաջխաղացման փորձ կատարել տուեալ տեղանքին մէջ, նման բան նկատելուս ի՞նչ պէտք է ընել եւ այլն: Մառախուղը փոքր ինչ ետ քաշուեցաւ: Դիտարկում կը կատարէի եւ կը զմայլէի գեղեցիկ բնութեամբ. ամպի քուլաները կը կախուէին լեռներու գագաթներէն, ապա դանդաղ կ´իջնէր դէպի ձորակ, մէյ մըն ալ սրընթաց կը շարժէին տարբեր ուղղութիւններով, խառնուելով իրար, անթափանց շղարշով պատելով հսկայ լեռը: Նման գեղեցիկ ներդաշնակութիւն շատերը միայն ֆիլմերու մէջ տեսած են: Եւ այդ ներդաշնակութեան մէջ ինչ-որ օտար եւ աւելորդ բան նկատեցի: Պահ մը լարուեցայ, սակայն որեւէ շարժ չկար: Աւելորդ խուճապ չէի ուզեր բարձրացնել, բայց զգօնութիւնս չթուլցուցի ու շարունակեցի անթարթ շուրջս նայիլ: Եւ յանկարծ նօսրացող մառախուղի մէջ յստակ տեսայ երեք շարժող կէտ: Կը փորձէին մառախուղէն օգտուելով` աննկատ առաջ գալ: Բաւական մօտեցած էին մեր դիրքերուն: Ինծի համար ամէն ինչ միանգամէն վերացաւ. միայն այդ երեք կէտերն էին: Յաջորդ վայրկեանները չափազանց երկար թուեցան, ամբողջ յաւերժութիւն մը: Ին՞չ ընել, պէտք էր որոշում կայացնել: Եթէ օգնութիւն կանչէի եւ սպասէի, թերեւս, հակառակորդը հասցնէր փախչիլ կամ ալ` աւելի վատ, յարմար բնագիծ զբաղեցնել ներթափանցող-հետախուզական ջոկատի հիմնական ուժերու յառաջխաղացման համար: Տեսակ մը աւելի կեդրոնացած էր: Ինծի համար անսահման երկար, բայց իրականութեան մէջ վայրկեաններ տեւած որոշման ընդունումէն յետոյ սեղմեցի տագնապի ազդանշանը, գնդացիրովս նշան բռնեցի եւ կրակեցի: Ձեռքս չէր դողար, բայց ինքզինքս աւելի վստահ զգացի, երբ տեսայ, որ հէնց առաջին կրակոցէն մէկը ինկաւ: Միւս երկուքը միանգամէն յետ քաշուեցան, վիրաւոր էին, թէ ոչ, չեմ գիտեր:
Կը շարունակէի կրակել ու նոր թիրախ փնտրել: Ուշք ու միտքս մէկ բան էր` թոյլ չտամ շրջանցեն ինծի, կարենամ պաշտպանել ընկերներս: Հանգիստ շունչ քաշեցի միայն այն ժամանակ, երբ տղաները օգնութեան հասան: Ուրեմն, ամէն ինչ կարգին է. կրցած էի կանխել հակառակորդի ներթափանցման-հետախուզական խումբի փորձը:
Հակառակորդը սկսաւ կրակել մեր դիրքերու ուղղութեամբ: Կը փորձէին ապահովել իրենց ներթափանցողներու նահանջը: Փոխհրաձգութիւն սկսաւ: Մեր կողքի յենակէտերն ալ կրակով աջակցեցան մեզի: Քանի մը վայրկեան անց ներքեւի ձորակէն երկու պայթիւնի ձայն լսուեցաւ. փախչող թշնամին մեր գնդակներէն խուսափելով, հարկադրուած մտած էր ականապատ դաշտ եւ… Մինչեւ երեկոյ չէինք ձգեր յառաջանան, իրենց զոհերը կամ վիրաւորները վերցնեն: Մութը իյնալուն պէս կիրառեցինք նաեւ գիշերային տեսանելիութեան սարքեր:
Մառախուղը շատ կը խանգարէր, բայց աւելի շատ` հակառակորդին: Աւելի ուշ լոյսեր նկատեցինք. որոնողական աշխատանքներ կը կատարէին, իրենց զինուորներուն անուններով կը կանչէին: Փորձեցին նոյնիսկ անօդաչու սարքեր կիրառել, բայց մեր տղաները արգելափակող կրակով խանգարեցին: Գիշերը նկատեցինք, որ անոնց յենակէտին բժշկական ծառայութեան մեքենաներ մօտեցած են: Հաւանաբար, գտած էին իրենց «հերոսները»…
Տագնապի ազդանշանէն յետոյ դիրքի ամբողջ անձնակազմը անցաւ շրջանաձեւ պաշտպանութեան, իւրաքանչիւրը զբաղեցուց իր խրամաբջիջը, սահմանուած կէտը:
Թշնամին ետ շպրտուած էր: Մենք այլեւս անպարտելի էինք:
Հիմա արդէն կրնայի հանգիստ շունչ քաշել…
Հակառակորդի զինուած ներթափանցման փորձէն օրեր անց պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հայրենիքի սահմանը պաշտպանելուն ցուցաբերած քաջութեան համար շարքային Հայկ Յակոբեանին անձամբ պարգեւատրած է «Անդրանիկ Օզանեան» մետալով: Աւելի ուշ քաջարի զինուորը «Անդին» ամսագիրի մրցանակաբաշխութեան ժամանակ պատիւ ունեցաւ ներկայացնելու տարուան մրցանակին արժանացած հայ զինուորի ընդհանրական կերպարը:
Պատրաստեց Արսէն ԱՂԵԿԵԱՆ