Ս.Դ.Հ.կուսակցութեան քսան անմահներու նահատակութեան 100 ամեակի ոգեկոչում Աւստրալիոյ մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/Հնչակյան.jpg)
Կիրակի 13 Սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6.30-ին Սիտնիի «Զէնիթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան Քսան Կախաղաններու նահատակութեան 100 ամեակի ոգեկոչումը:
Յոյշ երեկոն կազ մակերպուած էր Աւստրալիոյ Շրջանի Վարիչ Մարմնին կողմէ, հովանաւո րու թեամբ թեմի առաջ նորդ Տէր Հայկազուն Սրբ. Եպս. Նաճարեանի:
Օրուան բանա խօսն էր Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդ րոնական Վար չութեան ատենապետ Ընկ. Յակոբ Տիգրան եանը: Հիւրերու շար քին էին Լիբանանի խորհրդարանի անդամ եւ Ս.Դ.Հ.Կ. ԿեդրոնականՎարչութեան փոխ ատենապետ` Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան, Կեդր. Վարչութեան անդամ Ընկ. Վազգէն Գալթաքճեան (Միացեալ Նահանգներէն), գաղութին մէջ գործող կուսակցական, մշակութային, եկեղեցական, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ ընկեր, ընկերուհիներ:
Բացման խօսքը կատարեց Ընկ. Թորոս Պոյաճեան:
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Քսաններու նահատակութեան 100 ամեակին նուիրուած «Քսաններու Լուսաբացը» տեսերիզը:
Որպէս վեթերան նուիրեալ կուսակ ցա կաններ, իրենց տարիներու վաստակին համար, Ս.Դ.Հ.Կ. «ՓԱ ՐԱՄԱԶ»-ի շքա նշանով պարգեւատրուեցան Ընկերուհի Սիրուն Չիլինկիրեան եւ Ընկերներ Վրէժ Մանուկեան եւ Ճոն Տէմիրճեան:
Գեղարուեստա կան յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Նոր Սերունդ Մշա կութային Միութեան պարախումբը, որ իր կատա րո ղութեամբ հմայեց ներկաները: Հայրենասիրական եւ ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ Ընկ. Վարդան Սվազլեան: Աւստրալիոյ շրջանի խօսքը փոխանցեց շրջանի ատենապետ Ընկ.Վաչէ Թոփուզեան եւ ապա հրա ւիրեց օրուան բանախօսը:
Ընկ. Յակոբ Տիգրանեանի խօսքը կը ներկա յացնենք ամբողջութեամբ:
Ձեռնարկի աւարտին Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամը ուղղեց ներ կաներուն եւ Պահպանիչով փակեց յուշերեկոն:
Այս մասին կը յայտնէ araraddaily.com-ը: