Դեսպան Սմբատեան այցելեց Հիւսիսային Վէսթֆալիա երկրամաս

Սեպտեմբեր 4-ին Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան աշխատանքային այց կատարեց Գերմանիոյ Պոն քաղաքի Քարտինալ Ֆրինգսի մարզարան` վերջինիս ղեկավարութեան հրաւէրքով:
Վերոնշեալ ուսումնական հաստատութիւնը 2002թ.-էն ի վեր կը համագործակցի Գիւմրիի Եղիշէ Չարենցի եւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան դպրոցներուն հետ եւ մինչեւ 2010թ. այդ դպրոցներուն մէջ իրականացուցած է բազմաթիւ բարեգործական ծրագիրներ:
Ձեռնարկին ծիրէն ներս դեսպան Սմբատեան հանդէս եկաւ Հայաստանին վերաբերող դասախօսութեամբ: Դեսպանը իր խօսքին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մարզարանի ղեկավարութեան` Գիւմրիի մէջ իրականացուցած բարեգործական ծրագիրներուն համար:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Պոնի դպրոցներու հարցերով վարչութեան ղեկավար Ք. Շվանկէն եւ Քարտինալ Ֆրինկսի անուան մարզարանի տնօրէն, դոկտոր Հիլէն: Ներկաներուն համար ցուցադրուեցաւ Հայաստանի մասին պատմող ֆիլմ:
Պաշտօնական արարողութեան աւարտէն յետոյ մարարանին մէջ բացուեցան Արարատ Սարգսեանի հեղինակած երեք կտաւներ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այնուհետեւ դեսպան Սմբատեան մասնակցեցաւ մարզարանին մէջ իրականացուող մարզարական մինի-մարաթօնի բացման: Մարաթօնէն ստացուած ամբողջ հասոյթը կը տրամադրուի Գիւմրիի դպրոցներուն մէջ յետագայ նախագիծերու իրականացման:
Նոյն օրը Աշոտ Սմբատեան մասնակցեցաւ Գերմանահայկական ընկերակցութեան եւ Պիլեֆելտի ժողովրդական դպրոցի կողմէ կազմակերպուած «Հայկական ճարտարապետութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» խորագիրով ցուցահանդէսի բացման: Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պիլեֆելտի քաղաքապետ Պիտ Քլաուզէն, որ իր ելոյթին մէջ, մասնաւորապէս, նշեց, որ «Գերմանիոյ նախագահը ս/թ. Ապրիլ 23-ին իր ելոյթով վերջ դրաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելու արգելքին, եւ այսօր մենք բոլորս պարտաւոր ենք այդ նիւթը քննարկել եւ համարել մեր յիշողութեան մասը, որ պէտք է կարենանք ճիշդ կերպով փոխանցել մեր յաջորդ սերունդներուն»:
Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան դեսպան Սմբատեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Գարեգին Պեկչեան: