Սեւրի դաշնագիրին նուիրուած քննարկում Փասատինայի մէջ

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան հանրային յարաբերութեանց յանձնախումբին, հինգշաբթի, սեպտեմբեր 24ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ (2242 E. Foothill Blvd., Pasadena, CA 91107) տեղի պիտի ունենայ Սեւրի դաշնագիրին նուիրուած քննարկում մը։

Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի գծած Հայաստանի քարտէսին իրականացման կարելիութեանց վրայ կեդրոնացող սոյն քննարկումը պիտի առաջնորդեն դոկտ. Կարօ Մոմճեան եւ իրաւաբան Սեդօ Պոյաճեան։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել lernavayr.PR@gmail.com հասցէին։

Asbarez.com

Scroll Up