Ֆրանսահայերը կը միանան ներգաղթեալները ընդունելու Ազնաւուրի կոչին

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կը միանայ աշխարհահռչակ հայ շանսոնյէ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Շառլ Ազանուուրի` Եւրոպա ժամանող ներգաղթեալներուն Ֆրանսայի հեռաւոր գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ ընդունելու կոչին:
Nouvelles d`Armenie-ի փոխանցմամբ` կը գրէ Արցախփրէսը, «Սուրիան, որ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն դարձաւ բազմաթիւ հայերու ապաստան, այսօր կը տեսնէ, թէ ինչպէս իր ժողովուրդը բռնած է աքսորի ուղին: Չկայ օր մը, երբ սուրիացիները չփորձեն ապաստան գտնել եւ վերակագնել իրենց բնականոն կեանքը Եւրոպայի մէջ: Շառլ Ազնաւուր Սեպտեմբեր 1-ին կոչ ըրաւ Ֆրանսային իր ներդրումը բերել փախստականներուն ապաստան տալու գործին: Փախստականները վտանգի եզրին են, սակայն այդ տղամարդիկ եւ կանայք ունին մեծ ներուժ` իրենց հմտութիւններով ու աշխատուժով: Ֆրանսայի հայ համայնքը, հաւատարիմ ըլլալով Սուրիոյ ժողովուրդին հետ համերաշխութեան ոգիին, որոնք իրենց դռները բացին 1915-1916 թուականներուն հայերուն առջեւ, չի կրնար անտարբեր ըլլալ անոնց նկատմամբ: Այսօրուան ներգաղթեալները կրնան Ֆրանսայի համար դառնալ այցեքարտ եւ անոնց հնարաւորութիւն տալու պարագային յաջողութեամբ ծառայել Ֆրանսային` տարբեր ոլորտներու մէջ: Ատոր համար ալ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կը միանայ Շառլ Ազնաւուրի կոչին, որպէսզի իր ներդրումը բերէ փախստականներուն օգնութիւն ցուցաբարելու եւ գոյութիւնը պահպանելու գործին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Շառլ Ազնաւուր հանդէս եկած է Եւրոպա ժամանող գաղթականներուն օգնելու կոչով: «Ես ծանր տառապանք կ’ապրիմ, երբ կը տեսնեմ այդ մարդոց բազմութիւնները, որոնք կը թափառին իրենց երեխաներուն հետ: Բարեբախտաբար, ես անձամբ չեմ ճաշակած նման վիճակի դառնութիւնները, բայց վստահ եմ, որ ատոնք բաժին հասած են իմ ներգաղթեալ ծնողներուն: Հարկաւոր է հոգ տանիլ անոնց ապագային մասին, բարելաւել անոնց վիճակը»,- ըսած է Ազնաւուր:
Այդ կապակցութեամբ ան յիշեցուցած է իր կողմէ արդէն առաջադրուած գաղափարին մասին, այն է`գաղթականներուն բնակեցնել Ֆրանսայի հեռաւոր բնակավայրերուն մէջ, փոքր քաղաքներուն ու գիւղերուն, որոնք գործնականին մէջ լքուած են տեղի բնակիչներուն կողմէ:
«Այդպիսով, այդ բնակավայրերը կը համալրուին նոր ուժով: Այդ գաղթականներուն մէջ կան ամենատարբեր մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ` բժիշկներ, արհեստաւորներ, հացթուխներ: Անոնց ջանքերը թոյլ կու տան այդ աւաններուն մէջ վերաբանալ դպրոցներ, փոստային բաժանմունքներ»,- նշած է աշխարհահռչակ երգիչը: