Լուսանկարները կը հաստատեն Փալմիրայի մէջ ԻՊ գրոհայիններուն կողմէ հին տաճարի ոչնչացումը

Արբանեակէն ստացուած լուսանկարները կը  հաստատեն Սուրիոյ Փալմիրայի մէջ «Իսլամական պետութեան» գրոհայիններու կողմէ հնագոյն տաճարներէն մէկուն ոչնչացումը:

Gazeta–ի փոխանցմամբ` կը գրէ Արցախփրէսը, ՄԱԿ-ի հետազօտական կեդրոնէն յայտարարած են,-«Մենք կրնանք հաստատել Պելա տաճարի գլխաւոր շէնքի, նաեւ անմիջական հարեւանութեամբ գտնուող սիւներու ոչնչացումը»:
Մասնագէտները համեմատած են արբանեակային լուսանկարները ` տաճարի փլուզումէն առաջ եւ յետոյ:
Աւելի վաղ յայտնած էին, որ ԻՊ գրոհայինները ոչնչացուցած են Սուրիոյ Փալմիրայի ամենահին տաճարներէն մէկը:

 

Scroll Up