Պարգեւատրման արարողութիւն` «Միութիւն 2015-յաղթանակի ժառանգներ» մրցոյթ-հաւաքի ծիրէն ներս (լուսանկարներ)

«Միութիւն-2015. Յաղթանակի ժառանգներ-Հայաստան» միջազգային երիտասարդական ռազմամարզական կրթական մրցոյթ-հաւաքի ծիրէն ներս նախօրէին երեկոյեան Ծաղկաձորի մարզակայանին մէջ տեղի ունեցած է «Դանակի նետում» եւ «Պատը` պատին» մարզաձեւերուն մէջ յաղթող ճանչցուած մասնակիցներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ անհատական ցուցանիշներով լաւագոյնը ճանչցուած է ՌԴ Սուերտլովսկի մարզի Եուտել քաղաքի «Շանս» ռազմահայրենասիրական ակումբի պատանիները: Խմբակային մրցումներուն առաջին տեղը գրաւած է «Տիգրան Մեծ» դասակը, երկրորդը` «Դեսանտուրան», իսկ երրորդ տեղը գրաւած են «Կարմիր բանակայինները»: «Պատը` պատին» մրցոյթին, որուն ընթացքին կողմերը պէտք է ամբողջ խումբով դուրս մղեն մրցակիցին նախանշուած տարածքէն, յառաջատար ճանչցուած է «Դեսանտուրան», երկրորդ տեղը «Սոպր» խումբն է, երրորդը` «Ալֆա»-ն:
Յաղթողներուն պարգեւները յանձնած են ՀՀ ՊՆ Տ եւ ՀԿ վարչութեան պետ Վարդան Աւետիսեան, ՀՀ ՊՆ Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանի պետ, գնդապետ Վիտալի Ոսկանեան, վարժարանի պետի տեղակալ, փոխգնդապետ Կարէն Աւագեան:
Բացի մրցոյթներէն` Օգոստոս 17-ին կազմակերպուած են լողի եւ կշռաքարի բարձրացման, հրաձգային զէնքի եւ քիմիական-կենսաբանական պաշտպանութեան վերաբերեալ վարպետութեան դասեր:
Օրը ամփոփուած է «Հայաստանի օր» մշակութային ծրագիրով, որուն ընթացքին «Միութիւն-2015. Յաղթանակի ժառանգներ-Հայաստան» մրցոյթ-հաւաքին մասնակցող հայկական միացեալ խումբը ներկայացուցած է Հայաստանի պատմութիւնը, մշակոյթը, երգն ու պարը: