ՀՀ Կառավարութիւնը Ընդունեց ԼՂՀ-ին Ելեւմտային Վարկ Տրամադրելու Մասին Որոշումը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/Karavarutyun.jpg)
ՀՀ կառավարութիւնը Օգոստոս 18-ի նիստին ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ելեւմտային վարկ տրամադրելու մասին որոշումը:
2015 թուականի երրորդ եռամսեակին կայունացման պահեստային հաշուի միջոցներէն 9 միլիառ 600 միլիոն դրամի չափով ելեւմտային վարկ տրամադրել հայկական երկրորդ հանրապետութեան:
ՀՀ ելեւմտական (ֆինանսներու) փոխնախարար Արմէն Ալաւերդեան կառավարութեան նիստին նշեց, որ վարկը պիտի տրամադրուի տարեկան 8.5 տոկոս տոկոսադրոյքով` մինչեւ 2020 թուականի Սեպտեմբեր 10-ը մարելու ժամկէտով: