Խաղաղութեան եւ բարեկամութեան խորհրդանիշ` Սպիտակ քաղաքին մէջ

Օգոստոս14–ին Սօլնեչնոգորսկի մէջ լրագրողներուն ներկայացուեցաւ «Սովետական զինուորին» յուշարձանը. 3,5 մ բարձրութեամբ պրոնզէ քանդակը նուիրուած է Հայաստանի մէջ 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման մասնակցած զինուորներուն: Այս մասին Մոսկուայէն «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Ամալեայ Իսայեան:
Յուշարձանը կեանքի կոչուած է «Ռուսական ռազմա-պատմական հասարակութիւն» համառուսական պետական հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Սպիտակի յուշարձան» հասարակական կազմակերպութեան աջակցութեամբ:
Յուշարձանը ստեղծուած է ճարտարապետ Վատիմ Ֆռոլովի ղեկավարութեամբ (քանդակագործ` Ալեքսանդր Միրոնով, ձեւաւորող`Սոֆիա Շլենկինա):
Քանդակը` զինուորը երեխան ձեռքին, կը համարուի խաղաղութեան եւ բարեկամութեան խորհրդանիշը: Քանդակը կը պատրաստուին փոխադրել Հայաստան, որուն բացումը նախատեսուած է 2015 թ Դեկտեմբեր 7-ին` Սպիտակի մէջ:
«Այս քանդակը աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման մասնակցած զինուորներու հաւաքական կերպարն է, որ իր սեփական ձեռքերով փլատակներուն տակէն հանած է մարդոց: Զինուորի ձեռքին նստած երեխան` փրկուած կեանքի խորհրդանիշն է,-ըսաւ Վատիմ Ֆռոլով: