Արժանթինի մէջ տեղի ունեցաւ «Անլռելի արուեստը» գիրքի շնորհանդէսը

Օգոստոս 11-ին Պուէնոս Այրէսի  քաղաքապետարանի օրէնսդրական մարմինի Մշակոյթի տան «Ոսկէ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Անլռելի արուեստը» գիրքի շնորհանդէսը: Այս մասին հեռախօսազրոյցի ժամանակ  «Հայերն այսօրին» տեղեկացուց ՀԲԸՄ-ի Արժանթինի մասնաճիւղի վարչակազմի անդամ  Անթոնիօ Սարաֆեան, որ գիրքը  հրատարակելու գաղափարի հեղինակն է:

Պարոն Սարաֆեան, ողջունելով ներկաները, ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը իրողութիւն է, սակայն հայ ժողովուրդի գոյատեւման արժէքաւոր վկայումը մեր արուեստագէտներն են, մեր մշակոյթը, որոնք չեն ձգեր մոռցուի հայ ժողովուրդի գլխուն պատուհասած վիշտը»:

Գիրքին մէջ ընդգրկուած են Արժանթին բնակող 40 արուեստագէտներու` նկարիչներու, քանդակագործներու, ստեղծագործութիւնները: Այնտեղ արտացոլուած է Հայոց ցեղասպանութեան գաղափարը: Իսկ արուեստագէտները  աշխատանքներու կողքին գրած են Ցեղասպանութեան ականատես տատիկներու, պապիկներու վկայութիւններէն  դրուագ մը, որոնց մասին իրենց ծնողներէն  լսած են:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ հրատարակուած «Անլռելի արուեստ»-ը գիրքի հեղինակը Արժանթինի Սարդարապատ շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Տիանա Տէր-Կարապետեանն է: Անթոնիօ Սարաֆեանի առաջարկով Տիանա Տէր-Կարապետեան յանձն առած է արուեստագէտներուն հետ կապ հաստատել եւ խմբագրական ողջ աշխատանքներու իրականացումը:

Հիւրերուն  ուղղուած խօսքին մէջ Տիանա Տէր-Կարապետեան կարեւոր համարեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին գիրքի լոյս ընծայման անհրաժեշտութիւնը` ներկայացնելով այնտեղ զետեղուած ընտանեկան վկայութիւնները եւ իր աղջկան տուած թանկ պատգամը: Գիրքի հրատարակութիւնը հովանաւորած է բարերար Նատիա Էքսերճեան` ի յիշատակ ամուսնուն` բարերար Արմէն Էքսերճեանի:

Փրոֆէսոր եւ պատմաբան Միրթա Ճերէճեան-Սարաֆեան  ներկայացուց գիրքի գեղարուեստական բովանդակութիւնը եւ հրատարակութեան մէջ տեղ գտած  արուեստագէտներու  իրապատումները:

Գիրքի շնորհանդէսին ներկայ էին Արժանթինի մէջ  ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան, Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետարանի Մարդու իրաւունքներու եւ մշակութային բազմակիութեան փոխքարտուղար Գլաուտիօ Աւրուխ, քաղաքապետարանի  համայնքներու ընդհանուր վարչութեան տնօրէն Խուլիօ Քրոչին, ՀԲԸՄ-ի միութեան ատենապետ Համբարձում Հալաճեան, միութեան պատուոյ եւ բարերար անդամներ, համայնքային  ղեկավարներ եւ այլ հիւրեր:

Ձեռնարկի գեղարուեստական մասին մէջ կոմիտասեան եւ այլ կատարումներով հանդէս եկաւ թենոր Մարսելօ Գէորգեան:

Գէորգ Չիչեան

a2a3a4 a6

Scroll Up